ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՆՈՒԱՃՈՒՄ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի նոր սերունդի արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն Փառէն Մեծատուր իրաւունք շահած է՝ իր բարձրագոյն ուսումը արտասահմանի մէջ շարունակելու։

Փառէն Մեծատուր, որ աւարտած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանն ու Նշանթաշըի «Ըշըք» լիսէն, յառաջիկայ ուսման շրջանին համալսարանական կրթութիւն ստանալու համար պիտի ուղեւորուի դէպի Հոլանտա։ Արդարեւ, ան հնարաւորութիւն ունեցած է արտասահմանեան հեղինակաւոր երեք տարբեր համալսարաններ ընդունուելու եւ անոնց շարքին կատարած է իր նախընտրութիւնը։ Այսպէս, Փառէն Մեծատուր պիտի յաճախէ Այթովընի համալսարանի արդիւնաբերութեան ճարտարագիտութեան բաժինը։ Հարկ է նշել, որ այս մէկը մաս կը կազմէ աշխարհի ամենայաւակնոտ արդիւնաբերութեան ճարտարագիտութեան ֆաքիւլթէներու առաջին տասնեակին։

Փառէն Մեծատուր ուսման կեանքին մէջ եղած է միշտ յաջող աշակերտ մը։ Բաց աստի, ան կը խաղայ ճատրակ եւ թենիս։ Ան որդին է Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Փառէն Մեծատուրը, որուն նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք բարձրագոյն ուսման կեանքէն ներս։ Նոյն առթիւ կը խնդակցինք իր ծնողքին՝ մեր սիրելի բարեկամ Մինաս եւ Լեռնա Մեծատուր ամոլին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2026