ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ NBA-Ի ԾՐԱԳՐԻՆ
Գոհունակութեամբ վերահսու կ՚ըլլանք, թէ պոլսահայ մարզական աշխարհի երիտասարդ ուժերէն Վարդան Մամիկոնեան վերջին օրերուն ունեցած է շատ կարեւոր ձեռքբերում մը, որ նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ իր առջեւ։ Այսպէս, Վարդան Մամիկոնեան, որ պասքեթպոլի մարզիչ մըն է, մասնակցեցաւ վերջին օրերուն քաղաքիս մէջ կազմակերպուած՝ «Պասքեթպոլ՝ առանց սահմաններու» ծրագրին։ Այս տարի արդէն 25-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս մէկը եւ Վարդան Մամիկոնեանի մասնակցութիւնը այդ ամբողջին մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունի պոլսահայ համայնքին տեսակէտէ։ Վարդան Մամիկոնեան, որ երկար տարիներ պասքեթպոլ խաղացած է, արդէն վերջին տարիներուն մարզիչի պաշտօն կը կատարէ՝ MVP եւ «Açı» մարզակումբներէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ, ան երիտասարդ կրթական մշակ մըն է եւ ծառայութիւն կը մատուցէ՝ որպէս անգլերէնի ուսուցիչ։
«Պասքեթպոլ՝ առանց սահմաններու» ծրագիրը NBA-ի, FIBA-ի եւ Թուրքիոյ պասքեթպոլի դաշնակցութեան համատեղ նախաձեռնութիւնն է։ Այս երեք կարեւոր բաղադրիչները սոյն նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչեցին՝ Պասքեթպոլի զարգացման կեդրոնէն ներս, ուր համախմբուեցան ամբողջ աշխարհէն պասքեթպոլի կենդանի առասպելներ՝ թէ՛ մարզիկ եւ թէ մարզիչ։ Աշխատանքային լեզուն էր անգլերէնը եւ դարձեալ ամբողջ աշխարհէն 80 խոստմնալից երիտասարդ մարզիչ հրաւիրուած էր այս նախաձեռնութեան համար։
Վարդան Մամիկոնեան աշխատեցաւ «Քլիվլընտ Քաւալիէրզ»ի աւագ մարզիչ Քենի Էթքինսընի հետ։ Այս վերջնոյն հետ էին պասքեթպոլի մեծանուն աստղեր՝ Թոմաս Պրայնտ եւ Սաատիք Պայ: Վարդան Մամիկոնեան, որ իր անգլերէնի իմացութեամբ աշխատանքային դիւրութիւն ունեցաւ, մասնակցեցաւ մարզումներու եւ պարապմունքներու՝ պասքեթպոլի մրցման ժամանակ գրոհներու կազմակերպման վարկածներու շուրջ։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Վարդան Մամիկոնեանը՝ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով իրեն։