ՅԱՆԴԻՄԱՆՈՒԵԼՈՒ ՎԱԽԸ ԵՒ ԳՈՎԱՍԱՆՔԻ ԾԱՐԱՒԸ
Մարդու ամենէն խորունկ վախերէն մէկը ուրիշներուն աչքին փոքրնալն է։ Մենք յաճախ կը կարծենք, թէ մեզ կը վախցնէ ձախողութիւնը, սխալը կամ կորսնցնելը։ Սակայն, երբեմն, այս բոլորի ետին կը գտնուի շատ աւելի պարզ ու ցաւոտ վախ մը՝ ուրիշներու կողմէ յանդիմանուելու, մերժուելու կամ անբաւարար նկատուելու վախը։
Մանկութենէն սկսեալ կը սորվինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլանք, որպէսզի սիրուինք։ Երբ լաւ կը վարուինք, կը ստանանք գովասանք։ Երբ յաջողութիւն կը բերենք, մեզմով կը հպարտանան։ Երբ ուրիշներուն ակնկալածին նման կը շարժինք, կը լսենք՝ «ապրիս», «ճիշդ ըրիր», «քեզմով հպարտ եմ»։ Իսկ երբ կը սխալինք, կը լսենք յանդիմանութիւն, հիասթափութիւն կամ լռութիւն։
Եւ կամաց-կամաց մեր հոգիին մէջ կը ձեւաւորուի վտանգաւոր համոզում մը․«Ես այնքան արժէքաւոր եմ, որքան ուրիշները զիս արժէքաւոր կը նկատեն»։
Այդ օրէն սկսեալ այլեւս միայն մեր կեանքը չենք ապրիր։ Մենք զայն կ՚ապրինք նաեւ հանդիսատեսներու համար։
Կը հագուինք, որպէսզի հաւնին։ Կը խօսինք, որպէսզի գնահատեն։ Կը յաջողինք, որպէսզի հպարտանան։ Երբեմն նոյնիսկ կը լռենք, ո՛չ թէ որովհետեւ ըսելիք չունինք, այլ որովհետեւ կը վախնանք, որ մեր ըսածը պիտի չհաւնին։
Ամենատխուրը այն է, որ ժամանակի ընթացքին մարդ կրնայ այլեւս չգիտնալ, թէ իրականապէս ի՛նչ կ՚ուզէ։
Ան այնքան երկար կը փորձէ ուրիշներու ակնկալածներուն համապատասխանիլ, որ իր սեփական ձայնը կը կորսնցնէ։ Կ՚ապրի այնպիսի կեանք մը, որ արտաքինէն շատ յաջող կրնայ երեւիլ, բայց ներսէն դատարկ կը մնայ։ Որովհետեւ մարդու ամենամեծ պարտութիւնը երբեմն ձախողիլը չէ։ Ամենամեծ պարտութիւնը այն է, երբ ան կը յաջողի դառնալ այն անձը, որ ուրիշները կ՚ուզեն տեսնել, բայց, այդ ընթացքին կորսնցնէ այն անձը, որ ինք էր։
Յանդիմանուելու վախը մեզ կը ստիպէ զգուշանալ։ Կը ստիպէ չափել մեր բառերը, մեր շարժումները, մեր որոշումները։ Կը ստիպէ բազմիցս մտածել՝ «Ի՞նչ պիտի ըսեն»։ Իսկ «ի՞նչ պիտի ըսեն», հարցումը երբեմն այնքան մեծ իշխանութիւն կը ստանայ մեր վրայ, որ «ես ի՞նչ կ՚ուզեմ» հարցումը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Սա է, որ մեզ կը դարձնէ գովասանքի ծարաւ։
Մենք կ՚ուզենք, որ մեզ նկատեն։ Կ՚ուզենք, որ ըսեն՝ գեղեցիկ ենք, խելացի ենք, յաջող ենք, բարի ենք, տարբեր ենք։ Կ՚ուզենք հաստատում, որովհետեւ մեր ներսի անվստահութիւնը կը փորձենք լռեցնել ուրիշներու ձայնով։ Բայց գովասանքը տարօրինակ բան է։ Երբ մարդ անոր սովոր դառնայ, այլեւս անգամ մը լսելը բաւարար չ՚ըլլար։
Այսօր մէկը քեզ կը գովէ եւ դուն կ՚ուրախանաս։ Վաղը նոյն խօսքը չես լսեր եւ կը սկսիս մտածել, թէ արդեօք բան մը փոխուա՞ծ է։ Երրորդ օրը ուրիշ մէկը աւելի մեծ գովասանք կը ստանայ եւ յանկարծ քու ուրախութիւնդ կը վերածուի համեմատութեան։ Որովհետեւ երբ ինքնարժէքդ ուրիշներու արձագանգին կապած ես, միշտ ուրիշի մը ձեռքին կը գտնուի քու հոգեկան խաղաղութիւնդ։
Մէկու մը գովասանքը կրնայ քեզ բարձրացնել, իսկ մէկ ուրիշի անտարբերութիւնը՝ ամբողջովին կործանել։ Այդպէս մարդը կը դառնայ իր շրջապատի կարծիքներու գերին։
Սակայն, մենք պէտք է օր մը կանգ առնենք եւ մենք մեզ հարցնենք․«Եթէ ո՛չ ոք զիս գովէր, ես դարձեալ պիտի ուզէի՞ այս մարդը ըլլալ»։
Եթէ պատասխանը «այո» է, ուրեմն մենք սկսած ենք գտնել մեր իսկական եսը։ Իսկ եթէ պատասխանը «չեմ գիտեր» է, գուցէ ժամանակն է քիչ մը հեռանալու ուրիշներու աղմուկէն եւ լսելու մեր ներսի լռութիւնը։ Որովհետեւ մարդը իր ամբողջ կեանքը չի կրնար ապրիլ ուրիշներու գնահատականներուն սպասելով։
Պէտք է սորվի նաեւ սխալիլ՝ առանց ինքն իրեն ատելու։ Պէտք է սորվի մերժուիլ՝ առանց ինքզինք անարժէք զգալու։ Պէտք է սորվի քննադատութիւն լսել՝ առանց ամբողջ ինքնութիւնը այդ քննադատութեան մէջ կորսնցնելու։ Եւ ամենէն կարեւորը՝ պէտք է սորվի գովասանք ընդունիլ՝ առանց անոր կախեալ դառնալու։
Որովհետեւ մենք միայն այն ժամանակ ազատ կը դառնանք, երբ մէկը մեզ կը գովէ եւ մենք կը ժպտինք, բայց մեր ինքնարժէքը անոր խօսքին չենք վստահիր։ Երբ մէկը մեզ կը յանդիմանէ՝ եւ մենք կը լսենք, կը մտածենք, անհրաժեշտ եղած տեղը կը փոխուինք, բայց չենք փլիր։
Մարդու հասունութիւնը թերեւս կը սկսի այնտեղ, ուր ան կը հասկնայ, որ բոլորին հաճելի ըլլալը անհնար է։ Ինչ ալ ընես, մէկը պիտի չհաւնի։ Որքան բարի ըլլաս, մէկը քեզ սխալ պիտի հասկնայ։ Որքան ազնիւ ըլլաս, մէկը պիտի կասկածի քու անկեղծութեանդ։ Որքան լաւ գործ մը ընես, մէկը պիտի ըսէ, որ աւելի լաւ կրնայիր ընել։
Եւ այդ բոլորը բնական է։ Մենք պարտաւոր չենք ամբողջ աշխարհի դատաստանին դիմաց ամէն օր քննութիւն յանձնելու։ Կեանքը մրցոյթ մը չէ, որ վերջաւորութեան բոլորը պիտի որոշեն՝ արդեօք մենք բաւարար լաւ էինք, թէ ո՛չ։
Կեանքը այն հազուագիւտ ճանապարհն է, ուր պէտք է օր մը համարձակինք ըսել․«Ես գիտեմ, որ կատարեալ չեմ, բայց, այլեւս չեմ ուզեր ինքզինքս սիրել միայն այն ժամանակ, երբ ուրիշները զիս կը սիրեն»։
Գուցէ այդ պահուն առաջին անգամ իսկական ազատութիւնը կը զգանք։ Այլեւս չենք ապրիր գովասանքի համար։ Չենք փախչիր յանդիմանութենէն։ Չենք փորձեր ամէնուն ապացուցանել մեր արժանիքը։
Պարզապէս կ՚ապրինք։
Կը սխալինք։ Կը սորվինք։ Կը փոխուինք։ Կը մեծնանք։ Երբեմն կը կորսնցնենք։ Երբեմն կը յաղթենք։ Երբեմն ալ ամբողջովին չենք հասկնար, թէ ո՛ւր կ՚երթանք։ Բայց այդ ամբողջ խառնաշփոթին մէջ բան մը կը մնայ՝ մենք։
Եւ գուցէ մարդուն ամենամեծ յաղթանակը այն օրը չէ, երբ բոլորը կը ծափահարեն զինք, այլ այն օրը, երբ ո՛չ ոք կը ծափահարէ եւ ան դարձեալ հանգիստ կը շարունակէ իր ճանապարհը։ Որովհետեւ վերջապէս հասկցած կ՚ըլլայ, որ իր արժէքը երբեք ուրիշներու բերաններուն մէջ չէր գտնուեր։ Ան միշտ իր մէջն էր։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ