ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթին կողմէ ամրան շրջանին Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած՝ փոքրիկներու ուղղեալ դասընթացքները պսակուեցան յաջողութեամբ։ Արդարեւ, արձակուրդի շրջանին համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ պարուսոյց Իրիս Չափքան կղզիի մէջ համախմբեցին շուրջ չորս տասնեակ մանուկներ եւ պատանիներ, որոնք համոյթի կազմին մաս կազմելու նպատակով պատրաստութիւններ տեսան՝ որպէս նորեկներ։ Անոնց հետաքրքրութիւնը համոյթի պատասխանատուներուն տեսակէտէ մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ։
Ամրան դասընթացքներու աւարտին, «Մարալ»ի ղեկավարութիւնը եզրափակիչ հաւաքոյթ մը կազմակերպեց՝ ծրագրին մասնակցութիւն բերած շուրջ քառասուն մանուկներուն եւ պատանիներուն համար։ Հաւաքոյթը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեան։
Համոյթի պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանին եւ գործակից ընկերներուն, որոնց բարեհաճ տնօրինութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս համախմբուեցան տղաքը։
Փոքրիկներու եւ պատանիներու այս դասընթացքներուն մասնակիցները այժմ խանդավառութեամբ կը սպասեն, որպէսզի յառաջիկային եւս «Մարալ» համոյթի գործունէութեան մասնակցին: