ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

24.08.2026 Երկուշաբթի օր կայացած Թրքահայ Վաքըֆներու «ERVAB» ժողովի ընթացքին Հիմնարկիս մասին եղած լրատուութեան առթիւ մեր պատասխանը.

* Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպս. Մաշալեանի եւ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած նիստին առաջին անգամ հրաւիրուած էին մամլոյ ներկայացուցիչները, մեր համայնքային հաստատութիւններու ատենապետները։ Այս նիստին ինչպէս ասկէ առաջուաններուն, այս անգամ ալ Հիմնարկս հրաւէր չէր ստացած։ Այս ժողովի ընթացքին մեր բացակայութեան անպատասխան մնացած էին մեզի վերագրուած խօսքերը։

* Հիմնադրութեան 60 տարիներու տեւողութեան իբրեւ Հանրապետութեան շրջանի հիմնուած առաջին Հիմնարկ, հաւատարմութեամբ կը ջանանք սպասարկել մեր համայնքին։ Ըստ Վաքըֆներու կանոնագրութեան ի զօրու պայմանները ստացած ենք «Արժեւորման» ekspertiz տուեալներու վրայ առուծախու իրաւունքի։

* Հիմնարկիս միշտ առաջնահերթ նպատակը եղած է ուսուցիչներու եւ նորեկ ուսուցիչներու յառաջացման նպատակաւ ուսողական հաւաքներ կազմակերպել, համալսարանականներու կրթաթոշակ տալ, հայերէնի հանդէպ սէրը յառաջացնել, կրթական բոլոր գիրքերը, ԺՊԻՏ պարբերաթերթը (34 տարիէ ի վեր) հրատարակել եւ անվճար մեր դպրոցականներու ցրուել, հանգստեան կոչուած եւ նիւթական բաւարարութիւն չունեցող կրթական մշակներու աջակցիլ։

* Ողբացեալ Արամ Գամպուրեան երկար տարիներ Հիմնարկի վարչութեան բերած է կարեւոր ներկայութիւն։ Ինք համայնքի զանազան հաստատութիւններու կարեւոր կալուածներ նուիրած է։ Ուսուցչաց Հիմնարկի նուիրած իր սեփական տան տարածքի կից գտնուող տարածքն ալ Ազգ. Հիւանդանոցի նուիրած է։ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հետ մէկէ աւելի ժողովներ ըրած «Արժեւորման» տուեալի համաձայն իրենց ծախելու մեր նպատակը պարզած էինք, սակայն իրենք առնելու համամիտ չեն եղած։

* Լէվէնթ գտնուող այս կալուածի մէջ բնակութիւն հաստատող խնդրահարոյց վարձակալի մը գոյութիւնը եւ մեծածախս նորոգութեան մը պահանջը ու հիմնարկիս հիմնադրամի աւելի նպաստաւոր ըլլալը խորհելով ծախելու որոշում առինք։ Այսպէսով աւելի օգտաշատ գործունէութեամբ համայնքին ծառայութիւն բերել կը խորհինք։

* Մեծ բարերար Արամ Գամպուրեանի յիշատակը անմահացնելու նպատակաւ կալուածի արժէքի որոշ մասով մը Հիմնարկի կից յարկաբաժինը գնեցինք։ Կրթական, մշակութային, գեղարուեստական զանազան ծրագիրներ ՀԱՅՃԱՐ Միութեան կողմէ անհրաժեշտ նորոգութիւնները աւարտելէ ետք «ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆ» անուան տակ աշնան Մշակոյթի Ամսուան առթիւ պաշտօնապէս հանրութեան գործածութեան պիտի բացուի։

Հիմնարկի 60 տարիներու թափանցիկ առաքինութիւնը ասկէ վերջն ալ նոյնութեամբ պիտի շարունակուի։ Ամէն տարուայ պէս պիտի շարունակենք լրատուութեամբ հանրութեան ներկայացնել մեր տարեկան հաշուետուութիւնը։

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2026