ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւի համերգը, որ մեծ ոգեւորութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ստեղծուեցաւ բացառիկ բարձր տրամադրութիւն։ Ձեռնարկը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։
Ինչպէս միշտ, Պարթեւ առաջին իսկ պահէն անմիջական հաղորդակցութիւն ստեղծեց ունկնդիրներուն հետ, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին եկեղեցւոյ դարաւանդը։ Ան բոլորին սիրտը գրաւեց իր ձայնով ու կատարողական բարձր վարպետութեամբ։ Իրեն նուագակցեցան՝ Ռոպէր Տողանայ, Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան, Սայեաթ Տալտալ եւ Արի Հերկել։ Երաժշտական երեկոյթի յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ այլ արուեստագէտներ, որոնք եւս արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։
Երեկոյթի եզրափակիչ փուլին, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան յուշանուէր մը յանձնեց Պարթեւին, իսկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը։