ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ
Երէկ, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ երեք-հինգ տարեկան փոքրիկներու այս եղանակի վերջին հանդիպումը, որու ընթացքին Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան հայրական գուրգուրանքով հրաժեշտ տուաւ անոնց՝ այժմէն ժամադրուելով յաջորդ եղանակին համար։ Կղզիի բարձունքին անոնց ծրագիրը վերահսկած էին՝ Թանիա Փաքերթիք եւ Մելիսա Իփեքլի։ Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ տղաքը հայերէնով հաճելի ժամանցի հնարաւորութիւն ունեցան։
Երբ ներկայ ամառը արդէն կ՚եզրափակուի, փոքրիկները հաճելի յիշողութիւններ ունեցան աշխատանքներէն՝ մինչ իրենց ծնողներն ալ օգտակար նկատեցին այս բոլորը։ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան սիրալիր մթնոլորտի մէջ տուաւ իր օրհնութիւնը փոքրիկներուն, որոնց յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ դպրոցական շրջանին համար։