ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ
Երէկ յետմիջօրէին, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ներսէսեան դպրաց դասու մանուկներու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ աղօթք մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան: Այս արարողութեան մասնակցեցան նաեւ մեր համայնքի այն մանուկներն ու պատանիները, որոնք իրենց արձակուրդը կ՚անցընեն կղզիի յունաց ճամբարէն ներս:
Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան այս առթիւ խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ Աստուածամօր եւ Մանուկ Յիսուսի սրբապատկերին մասին:
Եզրափակիչ փուլին արտասանուած աղօթքներուն միացան նաեւ մանուկները:
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս ընթացքի մէջ է աւանդական ուխտի շաբաթը, որուն մաս կազմեց նաեւ երէկուան այս աղօթքը: