ՅԱԿՈԲ ԳՈՒՐԳԷՆ (1850 - 1914)
Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք Յակոբ Գուրգէնի կեանքն ու գործունէութիւնը: Այսօր, կը ներկայացնենք Յակոբ Գուրգէնի արգասիքէն պատառիկներ:
«Համառօտ արուեստ տաղաչափութեան» աշխատութեան մէջ, որ լոյս տեսած է Կ. Պոլիս, 1897-ին, տաղաչափութեան սահմանին ու տեսակներուն մասին կը կարդանք.
* 1. Տաղաչափութիւն կը կոչուի չափով բան կամ ոտանաւոր յօրինելու արուեստը:
2. Կրկին ազգ կայ ոտանաւորի. 1. Չափական եւ 2. Թուական:
3. Չափական է ոտանաւորն, որ կը կազմուի ըստ ամանակի, այսինքն՝ ըստ երկարութեան եւ սղութեան վանկից:
4. Թուական է ոտանաւորն, որ կը կազմուի ըստ թուոյ վանկից:
5. Չափական ոտանաւոր յատկութիւնն է լինել հաւասարաչափ տող ընդ տողի, առանց հաւասարութեան թուոյ վանկից, ուր թուականն է հաւասարավանկը տող ընդ տողի:
6. Չափական եւ թուական՝ ոտանաւորի էութենէն է գրուիլ տող առ տող. իւրաքանչիւր տող կը սկսի գլխագրով:
7. Բուն չափական ոտանաւորն, այսինքն՝ ոտանաւոր յօրինելու այն կերպն որ կը կոչուի չափականութիւն, ոչ եւս գործածական է առ մեզ: Չափականութիւնն արեւմտեան լեզուաց տաղաչափական արուեստի յատուկ կերպն էր ի հնումն, որպէս յոյն եւ լատին բանաստեղծական գրուածոց մէջ ընդհանրապէս: Հոմերի եւ Վիրգիլեայ քերթուածք օրինակ են հնոց ազնիւ չափականութեան: Առոգանութիւնը միաբան էր երաժշտութեան, որ չափականութեան ոգին էր՝ ըստ հնոց փափուկ լսելեաց եւ ճաշակաւոր արուեստին: Միջին դարու մէջ չափականութիւնը տեղի տուած է թուականութեան, եւ մուտ գտած է յանգաւոր տաղաչափութիւնն՝ ըստ նմանութեան արաբացւոց լամիաթ կոչուած չափական արուեստին, զոր մուծին յԵւրոպա միջին դարու երգահանք, Troubadour անուանեալք: Չափականութիւնը դեռ ի գործածութեան է զարդիս եւրոպական ազգաց ոմանց մէջ եւ աւելի յարգի քան զթուականութիւնն, որպէս առ գերմանացիս, իտալացիս եւ անգղիացիս:
8. Իսկ առ մեզ կայ ազգ ինչ չափականութեան, հայկական չափք կոչուած, որ իր կիրառութեան է ցայսօր: Այս էր միջին դարու հայերէն տաղաչափութեան արուեստն, երբ տակաւին տեղի չունէին առ հայս թուական կամ յանգաւոր տաղաչափութիւնք:
9. Հայկական չափք, ըստ օրինի շարականաց, ի մասնաւորի՝ ԺԲ. դարու մատենագիր հարց ոմանց տաղաչափեալ գրուածով, ունին որոշ կանոններ: Հայկական չափուց յարդարիչն եղած է առ մեօք Հ. Ա. Կ. Բագրատունի, Մխիթարեան Վենետկոյ. վախճանեալ յամին 1866, որ նոյն չափովք յօրինած է բազմաթիւ ստուար գործեր. առաջին անգամ Վիրգիլեայ «Մշակականաց» թարգմանութիւնն, յամի 1847, որոյ յառաջաբանին մէջ երկարօրէն կը խօսի նոյն չափուց վրայ ընդհանրապէս:
10. Հայկական չափք անյանգ են ամենեւին, այսինքն՝ տող ընդ տողի չունին նոյնաձայն վերջաւորութիւն:
11. Աս չափովք կը յօրինուին ընդհանրապէս, գրաբար եւ աշխարհաբար, դիւզաներգութիւնք եւ թատերգութիւնք, միով բանիւ՝ այնպիսի տաղաչափական գրուածք, որոց նիւթն է լուրջ եւ ծանր:
12. Հայկական չափուց մէջ չորս գլխաւոր գիտելիք են՝ 1. Վանկ կամ ոտք. 2. Հատած կամ անգամ. 3. Ամանակ եւ 4. Շեշտ:
13. Վանկ կամ ըստ տաղաչափութեան ոտք կը կոչուի 1. Պարզ ձայնաւոր գրի հնչումն՝ առանձին կամ բաղաձայն գրով եւ 2. Բաղադրեալ ձայնաւորի հնչումն՝ նոյնպէս առանձին կամ բաղաձայնիւ:
… 19. Ոտանաւորի իւրաքանչիւր տողին՝ ըստ տաղաչափական կանոնաց անդամատութիւնն կը կոչուի հատած կամ անգամ:
20. Ընդհանրապէս հայերէն ոտանաւորն ունի այլ եւ այլ տեսակ չափուց. կայ որ անհատած է եւ կը կոչուի միանդամ, որպէս հնգոտնեանն եւ կայ որ հատածաւոր է եւ կը կոչուի երկանդամ, եռանդամ եւ քառանդամ: Մեծագոյն չափն է քառանդամ:
21. Հայկական չափք քառանդամ են միշտ. իւրաքանչիւր տող ունի չորս հատած եւ կը բովանդակէ առ նուազն 13 եւ առ առաւելն 16 վանկ կամ ոտք:
… 34. Հատածի մ՚ընթերցման տեւողութիւնն, ըստ չափականութեան, կը կոչուի ամանակ:
35. Հայկական չափուց մէջ մէն մի ամանակ հաւասար է երեք երկար վանկի: Ամանակն անկախ է վանկից թուէն եւ հատածք, միավանկ կամ քառավանկ, հաւասար են ամանակաւ. միավանկ կամ երկավանկ հատածք երկարելով ըստ չափու եւ քառավանկք սղելով՝ ընթերցման տեւողութեամբ (ամանակաւ) կը հաւասարին եռավանկ հատածի, որով իւրաքանչիւր տողի մէջ չորս հաւասարաչափ հատածք կը հաշուին միշտ:
… 38. Չափական կամ թուական՝ ոտանաւորի մէն մի հատած յայտնի կամ լռելեայն միշտ շեշտ ունի վերջին վանկին վրայ. այս շեշտիւ կ՚անդամատուի տողն երկու, երեք կամ չորս հատածի:
39. Շեշտն, որ տաղաչափութեան մէջ ոտանաւորի ջիղն է, սուր կամ բարձր ձայն կու տայ վանկին, որ ըստ առոգանութեան հարկաւ կ՚առնու տարբեր հնչումն ի վերջ հատածին (էջ 11-14, 17-18, 23, 26):
*
«Պատկեր աշխարհիկ գրականութեան» նախաբանին մէջ Յակոբ Գուրգէն կը գրէ.
* Այս հաւաքածոյն, որ նպատակ ունի առաջի առնել հայոց աշխարհիկ լեզուին արեւմտեան գաւառաբարբառն՝ ամփոփ եւ այն հանգամանաց մէջ, զոր ստացած է ի վերջ կոյս դարուս, կը բովանդակէ գրական եւ գիտնական եւ այլ պէս պէս նիւթոց վրայ յօրինեալ ընտիր հատուածներ, յատկապէս պատրաստուած ի ձեռն ժամանակակից ծանօթ գրչաց գէթ մեծ մասին, որ յօժարամիտ պատասխանելով մեր խնդրանաց՝ յանձնած են մեզ մի կամ երկու հատուած խնամեալ ոճով եւ բարեքիկ յօրինուածով: Իւրաքանչիւր գրիչ ըստ կամս ընտրած է նիւթ եւ հետեւած է ոճոյն եւ լեզուական սկզբանց յրոս յարած է ըստ իւր ընտրութեան եւ ճաշակին: Գրչաց պէսպիսութեամբ եւ նիւթոց զանազանութեամբ այս հաւաքածոյն ուրեմն եղած է հանդիսական Պատկեր տոհմային գրականութեան կամ աշխարհիկ մատենագրութեան արդեաց, եւ այժմու աշխարհաբար լեզուն, գրեթէ իւր ամէն գունով եւ երանգաւ, արձակ եւ ոտանաւոր, պատկերացած է աստ իբրեւ ի հայելւոջ:
Այլ մեր դիտաւարութիւնն չէր լոկ ի հանդէս ածել պարզ հաւաքածոյ մը զանազան գրուածոց, որպէս սովոր եղած է ցարդ առ մեզ՝ թէ եւ լինէր նշանակելի առաւելութեամբք, այն է՝ գրուածոց նորութեամբ եւ ամբողջական հրատարակութեամբ, առանց ըստ կամս քաղ հանելու հեղինակաց ծանուցեալ գործերէն եւ այլն. մեր առաջադրութիւնն եղած էր, հին հայերէն լեզուին մատենագրութեան համառօտ պատմութեամբն հանդերձ, հարեւանցի տեսութիւն մ՚ընել նախ աշխարհիկ բարբառոյ ընթացից վրայ՝ համեմատելով իբր դար մը յառաջ գործածական գրաւոր աշխարհաբարն ընդ այժմու գրաւորին, եւ ապա պարզութեամբ առաջի դնել ուղղութիւնն, զոր անհրաժեշտ կը համարիմք արեւելեան եւ արեւմտեան՝ երկու գլխաւոր գաւառաբարբառոց միութեան գէ՛թ ի մատենագրական լեզուի, ի մի բան՝ ցոյց տալ, թէ որո՛վ օրինակաւ հնար է մեզ հասնել այդ ի վաղուց բաղձացեալ վախճանին, լեզուի միութեան եւ կանոնաւորութեան, այլովքն հանդերձ: Ըստ այսմ՝ մեր խորհրդածութիւնք, դիտողութիւնք, նաեւ ինչ ինչ առաջարկութիւնք, պարզուած են ազգային բանասիրաց եւ գրագիտաց առջեւ առանձինն յաւելուածով, որ ի վերջ հաւաքածոյիս:
Հատուածոց զետեղման համար կարգ սահմանած եմք իւրաքանչիւրին առ մեզ յանձնման թուականն, առանց զայնս դասաւորելու ըստ նիւթոց կամ ըստ այլ նկատմանց, որ չէր ի դէպ մեր նպատակին: Դարձեալ, իբրեւ նորութիւն, մէն մի հատուածոյ ներքեւ դրած եմք յօրինչին ձեռագիր ստորագրութեան ճիշդ օրինակն, որ կարէ լինել ապաքէն հետաքրքական ինչ յաչս ընթերցողաց:
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեծարոյ գրչաց, որ հաճեցան աշխատութիւն յանձն առնուլ եւ դիւրացնել մեր այս բազմաթախանձ հրատարակութիւնն, յորմէ մանաւանդ կարեն օգտիլ մեծապէս ազգային նոր սերունդնք զարդիս եւ առ յապայս («Պատկեր աշխարհիկ գրականութեան», 1892, Կ. Պոլիս, էջ 7-9):
*
Վարազդատեան ընկերութեան հրատարակած դասախօսութեան մէջ կը կարդանք.
* Երբ ազգաց եւ ժողովրդոց պատմական անցից իրողութիւնքն ողջախոհ դատողութեանց ի քննին կ՚ելնեն, երբ այլ եւ այլ դարուց եւ ժամանակաց մէջ այս կամ այն ազգին անկման կամ բարձրացման պարագայք, այլովքն հանդերձ, ձեռնհաս քննադատութեանց նիւթ կը լինին, ժողովրդոց բախտին նկատմամբ պատմական աներկբայելի ստոյգ ճշմարտութիւն մի ի յայտ կու գայ բացերեւ. գիտէ՞ք ինչ.- Ազգի մը նիւթական բարգաւաճումն՝ նորա մտաւոր ու բարոյական զարգացման պայմանէն ու բարոյական զարգացման պայմանէն կախումն ունի. այսինքն թէ ըստ առաւելեալ մտաւորական ուժոյն, կ՚առաւելու եւ նիւթեղէն զօրութիւնն:
… Կը տեսնեմ ես զազգն մեր ըստ մեծի մասին զուրկ ամենեւին յընկերային եւ ընտանեկան կենաց ուղղութենէ. ուրեք հասարակաց բարքն զեղծեալ յօտարամուտ նորաձեւութեանց, եւ այլուր ժողովուրդն գրեթէ վայրենի. ուրեք իբր թէ շարժումն եւ կենդանութիւն.- թէպէտ յաճախ ի թիւրն եւ ի չար.- եւ այլ ուրեք կայութիւն եւ մեռելութիւն ամենեւին: Այլ եւ որպիսի՛ ոմանք առաջնորդ եւ գործունեայ են առ մեզ: -Առաջնորդ ապիրատք, ամենայնի եւ բնաւից անտեղեակք. դա՛ աւադիկ ուխտաւորք եկեղեցւոյ, փառասէրք…, որ ընդ Աստուած եւ ընդ ինքեանս սրբազան դաշինքը դնելէ յետոյ կը դրժեն իւրեանց նուիրական դաշանց. դա՛ աւադիկ կրօնաւորք, պճնասէրք…, որ կը կարծեն թէ ի ձայն սրբահառաչ աղօթից կարեն խեղդել ճշմարտութեան վկայութիւնը…, կը կարծեն, թէ ամենայն ինչ կարելի է պատրուակել կրօնական վերարկուին տակ. ահա ապիկար քարոզիչք…, որ ռամկին տկարամտութեամբը զինեալ՝ ողջամիտ եւ վսեմախոհ քրիստոնէին դէմ հալածանք կը յարուցանեն…: Ահա… վանականք, որ յանուն ջերմեռանդութեան, յանուն ողորմածին Աստուծոյ՝ խեղճ ժողովրդին յետին նաքարակիտը կը շորթեն, որք ի շինութիւն ազգիս եւ ի պայածռութիւն եկեղեցւոյ՝ ազգին գանձը կը կապտեն կը թաղեն վանական նկուղներու մէջ. ի՞նչ տարբերութիւն ունին դոքա Աւետարանի այն ծառայէն՝ որ «ի վարշամակի ունէր զմնասս տեառն իւրոյ». ահա վաշխառու քահանայք, որ յանուն բարեգործութեան փոխ դրամ կը ճարեն ձեռարուեստ այրի կնոջ կամ որբ աղջկան՝ նորա միակ համեստ զարդն յաւանդ գրաւելով, եւ ապա թշուառին ասեղնագործ գիշերաձան վաստակոց արդիւնքը գինս տոկոսեաց կ՚առնուն կը տանին անգթաբար: Ահա գործունեայք ազգիս, անգիտակք քաղաքական օրինաց եւ տեսչութեան… դա՛ աւադիկ ազգային վարիչք… անձնահաճք, որ փոխանակ խորհելու ազգին յառաջդիմութեան բարւոք եւ հնարաւոր եղանակը, հանապազ կագ եւ վէճ կը ջանան յարուցանել… եւ անձնասիրութեան զոհ ընել ազգին ժամանակն ու պատիւը. եւ, իբր թէ ազգին օգուտը մտածող, սկզբանց ու կարծեաց տէր եւ պաշտպան, կուսակցութիւններ կը կազմեն եւ այնպէս իւրեանց անմիտ խուժանին գլուխ կեցած՝ կ՚ընտրեն եւ կը տապալեն, եւ այլ ինչ գիտեն երբեք ոչ: Ահա մեկնակազէն ողորմելի դաստիարակներ, որ զազգիս մանկտին կրթելու եւ ուսուցանելու պարտաւորութիւն ստացեր են…, որ կրթիչ են առանց կրթութեան, ուսուցիչ՝ առանց դպրութեան, կրօնասոյց՝ եւ խաւարը կը քարոզեն: Ահա հրապարակախօսք, որ ժողովրդեան ի լոյս ի դաստիարակութիւն առաջնորդ լինելու դիտաւորութեամբ կ՚ոստնուն յասպարէզ, եւ հասարակաց բարուց զեղիչ կը լինին, յիմարք, որ, իբր թէ բորբոքեալ ձէթը ձիթով մարել հնար լինէր, ստութիւնը ստութեամբ վանել կը փորձեն, կամ կը կեղծեն…, որք գիտեն հաճոյ լինել բազմաց՝ առանց սակայն մտաւոր կամ բարոյական օգտի. տգիտութեան եւ վայրենական բարոյականի քարոզներ են դոքա, որ մոլութիւն կը համարին ինչ որ ուղղութիւն է, եւ մոլութեանց իբր թէ հարուածիչ՝ եւ արծարծիչ կը լինին ի ժողովրդեան. ա՛յ թշուառք, թօթափեցէ՛ք այլ եւս այդ գձուձ գաղափարներն, այդ խաւարային քարոզութիւնները. վեհ եղէք, վսեմախոհ եղէք, ազնուասիրտ եղէք, լուսաւոր խորհուրդներ ունեցէք… բայց ի՞նչ կ՚ըսեմ. հնա՞ր է միթէ աչաց ամաններէ զուրկ եղողէ մը լոյս յուսալ, անմշակ ուղեղներէ արդիւնք սպասել: Ահա, տեարք, ընկերական աշխարհի մէջ այսչափ ստորին, այսքան անարգ բաժին ունի այն ազգն որ չի խորհիր՝ թէ իւր բախտն իւր մանկանց կրթութենէն կախեալ է:
… Ժամանակն եկած հասած է այլ եւս, տեարք, զի ազգը իւր խորին ուշն այս հարկաւորագոյն խնդրոյն վրայ դարձնէ, ժողովուրդն իւր առաջին լումայն կրթութեան գանձանակը ձգէ. մեր ազգին հանդերձեալ բախտը մեր մանկանց այժմու դաստիարակութենէն կախեալ է, պատմութիւնն առ այս վկայ եղաւ մեզ: Ժամանակ է այլ եւս, ո՛ լուսամիտ կղերականք, զի ձեր սրբազան ազդեցութեամբն միշտ եւ հանապազ դրդէք վառէք ժողովուրդն այս կարեւոր եւ ազգաշէն գործոյն. արժան է, ո՛ գրագէտք, զի ձեր մտաց բոլոր աշխուժիւն խոնջիք տքնիք ազգային տղայոց կրթութեան համար. արժան է, ո՛ զգօն հրապարակախօսք, զի զօրհանապազ ձեր թերթերուն մէջ քան մ՚էջեր նուիրէք մանկանց դաստիարակութեան. արժան է, ո՛ լրջամիտ գործնեայք, զի յառաջ քան զամենայն եւ առաւել քան զամենայն՝ կրթութեան խնդրոյն վրայ խորհիք, խօսիք եւ գործէք արիաբար. ժամ է արդ, ո՛վ վարիչք ժողովրդեանս, զի վանական եւ եկեղեցեաց նկուղներուն մէջ ազգին թաքուցեալ քանքարաց իշխէք այլ եւս, եւ՝ նման հաւատարիմ ծառայից՝ վաշխէք տոկոսէք զնոսա իմաստութեամբ եւ տայք տասնապատիկ հարիւրապատիկ շահել տեառն ձերում. ժամ է արդ, ո՛վ մեծատունք, զի գէթ ձեր սեղանէն անկեալ փշրանքն հայ մանկանց կրթութեան նուիրէք. պարտ է ձեզ, ո՛ հարք եւ մարք, զի նախ քան զամենայն ինչ փոյթ ընէք ձեր զաւակաց դաստիարակութեան, առաւել քան զամենայն պիտոյս՝ զգացուցէ՛ք ձեր որդւոց կրթութեան պէտքը, յառաջ քան օժտելու զաղջկունս ձեր՝ օժտեցէ՛ք զնոսա մտաւոր եւ բարոյական զարգացմամբն:
Ա՛յսպէս, եւ ոչ այլազգ, պիտի սկսի ազգային յառաջադիմութեան գործը:
25 մարտ 1875
Ի Կոստանդնուպոլիս
(«Խօսք ասացեալ ի Յ. Գուրգենայ ի կաճառի Վարազդատեան ընկերութեան», 1875, Կ. Պոլիս, էջ 6, 13-15, 19-20):
*
Ամփոփելով, Յակոբ Գուրգէնի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իր թողած ժառանգութիւնը, կրնանք ըսել, թէ ան ԺԹ. դարու երկրորդ կէսի արեւմտահայ մտաւորականութեան մէջ կը հանդիսանայ այն հեղինակներէն, որոնք գրականութիւնը երբեք չսահմանափակեցին գեղարուեստական հաճոյքի շրջանակին մէջ, այլ զայն վերածեցին ազգային ծառայութեան միջոցի։ Ան եղաւ լեզուագէտ, մանկավարժ, գրականագէտ, հրապարակախօս եւ ազգային մտածող, որ իր ամբողջ ստեղծագործական կարողութիւնը ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդի մտաւոր ու բարոյական վերելքին։ Անոր գործերը կը վկայեն, թէ գրիչը կրնայ դառնալ կրթական, մշակութային եւ ազգային վերածնունդի հզօր գործիք։
Յակոբ Գուրգէնի գրական ոճին գլխաւոր յատկանիշը միտքի կարգապահութիւնն է։ Ան կը գրէ ճշգրիտ, տրամաբանական եւ խնամուած լեզուով՝ հեռու մնալով դատարկ ճարտասանութենէ կամ զգացական չափազանցութիւններէ։ Իր նախադասութիւնները, թէեւ երբեմն երկար կառուցուածք ունին, սակայն, միշտ կը պահպանեն ներքին ամբողջականութիւն մը եւ մտածումի յստակ ընթացք մը։ Գուրգէնի գրիչին մէջ կը միանան գիտնականի ճշգրտութիւնը, մանկավարժի համբերութիւնը եւ հրապարակախօսի համոզիչ ուժը։ Ան երբեք չի՛ բաւարարուիր դատապարտելով. նախ կը վերլուծէ երեւոյթները, ապա կը բացատրէ անոնց պատճառները եւ վերջապէս կը մատնանշէ բարեփոխման ուղիները։ Այս առումով իր հրապարակախօսութիւնը կը բարձրանայ ազգային գաղափարախօսութեան մակարդակի։
Յատկանշական է նաեւ, որ Յակոբ Գուրգէն մեծ տեղ կը յատկացնէ հայ լեզուին եւ գրականութեան զարգացման։ Ան կը հաւատայ, թէ լեզուն ազգային գոյութեան ամենէն ամուր սիւնն է, ուստի, կը պայքարի անոր մաքրութեան, կանոնաւորութեան եւ գրական կատարելագործման համար։ Գրաբարի պաշտպանութեան իր նախանձնախնդրութիւնը ամենէն վառ ապացոյցն է այս ուղղութեամբ:
Գուրգէնի ստեղծագործութիւններուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն կրթութեան, դաստիարակութեան եւ բարոյական արժէքներու վերաբերող գաղափարները, ինչպէս նաեւ համայնքային խնդիրները, որոնք հրապարակուած են «Արեւելք»ի էջերուն մէջ, որպէս շաբաթական քրոնիկներ, ուր Յակոբ Գուրգէն պոլսահայութիւնը յուզող բազմաթիւ խնդիրներ բարձրաձայնած է եւ իրեն յատուկ վերլուծական ձեւով, փորձած է լուծումներ առաջրակել: Ան համոզուած եղած է, որ ազգի հզօրութիւնը նախ եւ առաջ կը սկսի դպրոցէն, ուսուցիչէն եւ ընտանիքէն, ինչի մասին յստակ եւ մանրամասն կերպով կը խօսի Վարազդատեան ընկերութեան կաճառի ուսանողութեան տուած իր դասախօսութեան մէջ։ Անդին, ան իր գրութիւններուն մէջ խիստ քննադատութեան կ՚ենթարկէ տգիտութիւնը, անպատասխանատու ղեկավարութիւնը, կեղծ բարեպաշտութիւնը, անձնական շահերու գերակայութիւնը եւ ազգային կարողութիւններու անիմաստ վատնումը։ Սակայն, այդ քննադատութիւնը երբեք յուսահատութեան արտայայտութիւն չէ. ընդհակառակը, անիկա ազգային ինքնաքննադատութեան կոչ մըն է, որուն նպատակը առողջ հասարակութիւն կերտելն է։
Յատկապէս ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, որ Յակոբ Գուրգէնի բարձրաձայնած մտահոգութիւններուն զգալի մասը այսօր ալ չե՛ն կորսնցուցած իրենց այժմէականութիւնը։ Կրթութեան որակը, լեզուի պահպանութիւնը, հասարակական պատասխանատուութիւնը, մտաւորականի առաքելութիւնը, ազգային միասնականութիւնը եւ բարոյական արժէքներու պաշտպանութիւնը տակաւին կը մնան հայ կեանքի հիմնարար խնդիրները։ Անոր այն համոզումը, թէ ազգի նիւթական բարգաւաճումը ուղղակիօրէն կախեալ է մտաւոր եւ բարոյական զարգացման աստիճանէն, ժամանակակից հասարակագիտութեան եւ պետական մտածողութեան կողմէ եւս ընդունուած ճշմարտութիւն մըն է։
Յակոբ Գուրգէնի գրական ժառանգութիւնը հետեւաբար պէտք չէ դիտել միայն իբրեւ պատմական արժէք ունեցող անցեալի յուշարձան։ Անոր գործերը կը շարունակեն խօսիլ մեր օրերուն, որովհետեւ ան բարձրացուցած է հարցեր, որոնք կապուած են ո՛չ թէ անցեալ դէպքերու, այլ՝ ազգային կեանքի մնայուն սկզբունքներու հետ։ Իր վերլուծութիւններով, ազգային պատասխանատուութեան խոր զգացումով եւ բարոյական բարձր պահանջկոտութեամբ ան կը ներկայանայ որպէս հայ հրապարակախօսութեան եւ ազգային միտքի նշանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը։ Ահա թէ ինչու Յակոբ Գուրգէնի ստեղծագործութիւնը կը պահպանէ իր գիտական, գրական եւ հասարակական արժէքը՝ շարունակելով ներշնչել բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ ժողովուրդի ապագան կը կերտուի լուսաւոր միտքով, կրթութեամբ, մշակոյթով եւ ազգային ինքնագիտակցութեամբ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ