ԳԱՐԵՋՈՒՐԻ 5-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆ

Ներկայ ամրան Երեւանի մէջ անբացատրելի խանդավառութիւն ստեղծուած է՝ ընկերամշակութային բնոյթով զանազան նախաձեռնութիւններու բերումով: Բազմազան այդ ծրագիրները մայրաքաղաքի սրտին վրայ կը համախմբեն հոծ բազմութիւններ՝ ստեղծելով բարձր տրամադրութիւն: 

Այս ծիրէն ներս, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Երեւանի Գարեջուրի 5-րդ փառատօնը: Մայրաքաղաքի Զաքեան փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ այս փառատօնը, որ վայելեց Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութիւնը՝ հաշուի առնելով, որ այս տարուանը արդէն յոբելենական էր: Գարեջուրի փառատօնը մասնակիցներուն տեսակէտէ համտեսի եւ կենացներու հարթակ մը դարձաւ՝ մինչ առիթ ընձեռուեցաւ նաեւ հաղորդ դառնալու երաժշտական կատարումներու:

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2026