Տ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔԱՀԱՆԱՅ ՊՉԱՔՃԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան փութաց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն աւ. քահանայ Պչաքճեանի այցելութեան՝ հաշուի առնելով, որ վերջին օրերուն ան անցած էր վիրահատութենէ մը: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ այցելեց տէր հօր սենեակը, ուր աղօթեց անոր վրայ, մաղեց բժշկութիւն եւ արագ ապաքինում: Կրօնական ժողովի ատենապետի առողջական վիճակը կայուն է եւ յետվիրահատական դարմանումը կ՚ընթանայ մասնագէտներու նախատեսած հունին մէջ: (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2026