ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Սամաթիոյ ընտանիքը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի 2025-2026 կրթական շրջանի հունձքին: Դպրոցի լիսէի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէսը անցաւ բացառիկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: Լիսէի արդէն 57-րդ շրջանի ընթացաւարտները յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ առին՝ իրենց ապագայի վերաբերեալ յոյսերով, յաւակնոտ նպատակներով եւ երազներով: 

Դպրոցի պարտէզին մէջ, բառին բուն իմաստով տօնական մթնոլորտ ստեղծուած էր շրջանաւարտից հանդէսին առթիւ: Ներկաներու շարքին էին՝ Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան, Տ. Մելքոն քահանայ Փնարճեան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սէրտար Քասափճըլար, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլ, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քարին Չաղլըուզուն, կրթական մշակներ, շրջանաւարտ սաներու ծնողներ եւ այլ հիւրեր: Մեծ համախմբումի մը ձեւաչափին մէջ ընթացաւ յայտագրի գործադրութիւնը՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչական կազմէն Քարին Աքալի եւ Ֆունտա Պաշի: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Նուրհան Տավուլճեան, Սէրտար Քասափճըլար եւ Ալին Եիւճէլ: Ընթացաւարտ սաներուն անունով արտայայտուեցան՝ Նորին Արզուման, Նուէր Զեքի եւ Սանտրա Չաքար: Շրջանաւարտներու ծնողներու անունով խօսք առին՝ Մարի Արզուման, Մարիամ Պորուճեան եւ Սէրլի Զեքի: 

Վկայականներու բաշխման պահուն խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին: Բոլորը առանձնայատուկ գնահատանքով ողջունեցին Նուէր Զեքին, որ այս տարի դպրոցի առաջինը հանդիսացած է: Վկայականներուն առընթեր, շրջանաւարտները ստացան նաեւ յուշանուէրներ, որոնք պատրաստուած էին Սամաթիոյ ընտանիքի զանազան մարմիններուն կողմէ: Ծրագիրը եզրափակուեցաւ Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանի հուսկ բանքով: 

Աւելի վերջ հատուեցաւ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը, մինչ բոլորը տղաքը շրջապատեցին անկեղծ բարեմաղթանքով: 

Բաց աստի, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի ընթացաւարտները շրջանաւարտութեան ընթրիքի մըն ալ մասնակցեցան՝ Փիալէփաշայի «Double tree by Hilton» պանդոկին մէջ:

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026