ԱԼԻՆ ՏԱՎՈՒԹՀԱՆ-ԷՕԶՊԻՒԼՊԻՒԼ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌԻՆ ԿՈՂՄԷ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր իրաւաբաններէն Ալին Տավութհան-Էօզպիւլպիւլ պարգեւատրուած է՝ Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառին կողմէ։
Երէկ, Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառէն ներս տեղի ունեցաւ՝ յոբելեար իրաւաբաններու համար նախատեսուած մեծարանքի հանդիսութիւն մը։ Կաճառի Պէյօղլուի կեդրոնատեղիի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին պարգեւներ յանձնուեցան այն իրաւաբաններուն, որոնք այս ոլորտէն ներս ծառայութեան յոբելենական հանգրուաններ աւարտած են։ Այս ծիրէն ներս պարգեւատրուեցաւ իրաւաբան Ալին Տավութհան-Էօզպիւլպիւլ, որ ասպարէզէ ներս 25-ամեակի յոբելենական հանգրուանը թեւակոխած է։ Իրաւաբան Ալին Տավութհան-Էօզպիւլպիւլ յուշանուէրը ստացաւ՝ ձեռամբ Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառի նախագահ փրոֆ. Իպրահիմ Քապօղլուի։
Ալին Տավութհան-Էօզպիւլպիւլ հանդիսութեան մասնակցեցաւ իր ընտանիքին հետ։ Ան դուստրն է մեր փորձառու իրաւաբաններէն Սեդրակ Տավութհանի։ Ալին Տավութհան-Էօզպիւլպիւլ մաս կը կազմէ նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։