ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Երէկ երեկոյեան, Էսաեան վարժարանը փայլուն հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ 2025-2026 կրթական շրջանի իր հունձքին: Լիսէի բաժնի շրջանաւարտները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ, խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առին դպրոցէն: Միեւնոյն ժամանակ, վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան միջնակարգի ընթացաւարտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը:
Պէյօղլուի ընտանիքէն վարիչներ, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, կրթական մշակներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ այլ հիւրեր համախմբուած էին դպրոցի պարտէզին մէջ, ուր ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն: Տօնական մթնոլորտի մէջ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր: Բոլորի հասարակաց մաղթանքն էր, որ Էսաեանի շրջանաւարտները իրենց առջեւ ունենան փայլուն ապագայ մը:
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, բոլորը համախմբուեցան սեղաններու շուրջ, իսկ տղաքը արդէն վերջին անգամ առիթն ունեցան իրենց սիրեցեալ դպրոցի պարտէզին մէջ միասնաբար զուարճանալու: