ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գալֆաեան տան ընտանիքը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ դպրոցի այս տարուան շրջանաւարտներուն: Պաղլարպաշըի «Հալք էղիթիմ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ներկաներու շարքին էին՝ Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան, քոյր Հռիփսիմէ Թերզեան, խնամակալութեան ատենապետ Թամար Մայօղլու եւ գործակից ընկերները, խնամակալութեան նախկին ատենապետներ, Սկիւտարի հաստատութիւններէն պատասխանատուներ եւ այլ հիւրեր: Այս տարուան շրջանաւարտութեան հանդէսը բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ քանի կը զուգադիպի Գալֆաեան տան հիմնարդութեան 160-ամեակի յոբելենական շրջանին: 

Յայտագրի տեւողութեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ: Վկայականներու բաշխման փուլին ապրուեցաւ ծափահարութիւններու տարափ մը: Դպրոցի այս տարուան առաջինն է՝ Միքայէլ Տեմիրճեան: Բոլոր շրջանաւարտները յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ ստացան իրենց վկայականները, նաեւ յուշանուէրները: Հաստատութեան բարերարուհի Մարգրիտ Աթմաճայի կողմէ եւս յուշանուէրներ պատրաստուած էին ընթացաւարտներուն համար: 

Հուսկ, ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած ընդունելութեան ընթացքին բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին այս տարուան շրջանաւարտները, որոնց մաղթեցին ապագայ յաջողութիւններ: 

Միւս կողմէ, Սկիւտարի սանուց միութեան երդիքին տակ ալ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Գալֆաեան տան առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, որու ընթացքին եւս ստեղծուեցաւ արտակարգ խանդավառութիւն՝ քանի փոքրիկները հրապուրեցին բոլորը իրենց յաջող ելոյթներով։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026