ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍԸ

Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի աւարտական դասարանի շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։ Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ, ուր ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան։ Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները, դպրոցի պատասխանատուները, ծնողներ եւ այլ հիւրեր ջերմօրէն շրջապատեցին միջնակարգի այս տարուան շրջանաւարտները։

Յայտագրի ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Գարին Թոկաչ-Չաղլըուզուն։ Յաջորդաբար արտայայտուեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան, Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սէրտար Քասափճըլար եւ դասարանի ուսուցչուհի Թիւլին Քարափէքմէզ։ Շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցան՝ Սիրուն Ալկան, Նաիրա Մալխաս եւ Գարին Եըլտըրըմ։ Շրջանաւարտներու ծնողներուն անունով ալ սրտի խօսք մը արտասանեց Աղաւնի Մալխաս։

Դափնեկիր շրջանաւարտները ստացան իրենց յուշանուէրները՝ մինչ բոլորի ծափահարութիւններու ներքեւ աւարտական դասարանի տղոց յանձնուեցան իրենց վկայականները։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2026