«ԿԼՈՊԱԼ ԴԱՐՊԱՍՆԵՐ»
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Եւրոմիութեան կողմէ նախաձեռնուած «Կապակցուածութեան օրակարգի հարթակ»ի շրջանակներէն ներս կարեւոր հաւաք մը, որուն մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները։ ԵՄ-ի «Կլոպալ դարպասներ» ռազմավարութեան շրջանակներէն ներս, միջտարածաշրջանային կապակցուածութեան օրակարգը յառաջ մղելու նպատակով կազմակերպուած էր այս բարձր մակարդակի քննարկումը, որու մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Ուքրայնայի, Մոլտովայի, Ղազախիստանի, Թիւրքմենիստանի, Տաճիկիստանի, Էօզպեքիստանի եւ Խրղըզիստանի պատուիրակութիւնները։ Հրաւիրեալներու շարքին էին միջազգային ելմտական կառոյցներու եւ Եւրոյանձնաժողովի ներկայացուցիչները։ Այս հարթակը ստեղծուած է Հարաւային Կովկասի, Սեւ ծովու տարածաշրջանի, Թուրքիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու միջեւ կապակցուածութեան օրակարգի ամրապնդման նպատակով։
Պրիւքսէլի հաւաքին մասնակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան, որ «Անդրկասպեան փոխադրութեան միջանցքի ապագայ հեռանկարները Սեւ ծովու եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջաններէն ներս. դէպի 2030 թուական» խորագրեալ քննարկման ատենախօսն էր։ Փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու եւս այս հաւաքի ատենախօսներու շարքին էր։
Վահան Կոստանեան ելոյթին ժամանակ ընդգծեց տարածաշրջանային կապակցուածութեան զարգացման եւ այդ համատեսքէն ներս հարեւան երկիրներու միջեւ երկխօսութեան խթանման կարեւորութիւնը։ Ան նշեց, որ այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը կրնան նպաստել Հարաւային Կովկասի՝ որպէս Եւրոպան եւ Ասիան կապող կարեւոր հանգոյցի ներուժի լիարժէք իրացման։ Այս առնչութեամբ ան կարեւորեց Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան զարգացումը՝ մասնաւորապէս փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ թուային կապակցուածութեան բնագաւառներէն ներս։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման՝ փոխ-նախարարը ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ ներառական կապակցուածութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանային համագործակցութեան, տնտեսական զարգացման եւ վստահութեան ամրապնդման։
Իր կարգին, նախարար Ուրալօղլուն ալ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս արձանագրուած յառաջընթացին՝ ընդգծելով, որ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ ակնկալութիւնները կը մնան արդիական։