ՖՈՆ ՏԷՐ ԼԷՅԷՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Միջազգային աղբիւրներու հրապարակումներով՝ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի ընկերակցելիք պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի գտնուի՝ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով յանձնակատար Մարթա Քոս։ Ըստ վերջին լուրերուն՝ այցելութիւնը նախատեսուած է յուլիսի 1-ին։

Այս այցելութիւնը կը դիտարկուի՝ որպէս բարձր մակարդակի աջակցութեան ազդակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած յաջողութենէն վերջ։ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի այցելութեան մասին հաղորդուած է այնպիսի փուլի մը մէջ, երբ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը ձգտի ամրապնդել Հայաստանի արտաքին քաղաքական շրջադարձը Ռուսաստանէն դէպի արեւմուտք եւ խորացնել յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ։ Եւրոպացի պաշտօնատարներ հաղորդած են, որ ներկայիս Հայաստան կը գտնուի Ռուսաստանի խտացեալ եւ հետեւողական ճնշման ներքեւ, իսկ մօտալուտ այցելութիւնը կրնայ աջակցութեան ուղերձ մը ըլլալ։ «Սա պիտի ըլլայ պատգամ մը, թէ Եւրոպան Հայաստանի կողքին է», նշած է պաշտօնատար մը։

Այսպէսով, Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն վերջին շուրջ երկու ամսուան ընթացքին արդէն երկրորդ անգամ այցելած պիտի ըլլայ Հայաստան։

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնը երէկ Պրիւքսէլի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւը։ Այս վերջինը մէկտեղուեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։ Բանակցութիւններու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ Եւրոմիութեան եւ Ղազախիստանի միջեւ գրեթէ աւարտած են՝ մուտքի արտօնութիւններու դրութեան դիւրացման շուրջ բանակցութիւնները։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2026