ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 8-ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան: Համանուն սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ գործադրուեցաւ յայտագիրը: Հանդէսը համախմբեց՝ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ աւ. քահանայ Ճիվանեանը, Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի պատասխանատուները, շրջանաւարտներու ծնողները եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր, որոնք համակուած էին տօնական բարձր տրամադրութեամբ: 

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավար Լէա Չալըշի եւ Միրա Արեւ Պիլալի: Աշակերտները յաջողութեամբ գործադրեցին եռալեզու յայտագիրը, որու իւրաքանչիւր փուլին ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով: Ինչպէս բոլոր ներկաները, այնպէս ալ տղաքը յուզումնախառն զգացումներու մէջ էին՝ քանի պահը հասած էր հրաժեշտ առնելու իրարմէ եւ իրենց սիրեցեալ դպրոցէն: 

Յայտագրի ամբողջին մէջ վկայականներու բաշխման փուլը առանձնապէս կարեւոր էր: Այդ պահուն բոլորի ծափահարութիւնները հնչեցին վարժարանի առաջինը հանդիսացած աշակերտին՝ Արա Մանուկեանի համար, որ արժանացած էր նաեւ «Սարայլը» հաստատութեան կողմէ նուիրուած ոսկիին: Արա Մանուկեանը իր վկայականը ստացաւ ձեռամբ հօրը՝ փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանի: 

Միւս դափնեկիր շրջանաւարտները եւ 8-րդ դասարանի բոլոր տղաքն ալ ստացան իրենց վկայականները, ինչպէս նաեւ Գատըգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ իրենց համար պատրաստուած յուշանուէրները: 

Ծնողներու անունով արտայայտուեցաւ Գայիանէ Տինտար, իսկ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու շնորհաւորութեան խօսքին մէջ բոլորին յիշեցուց մեծանուն ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի խօսքերը, թէ առանց կրթութեան չկայ կեանք ու երջանկութիւն: 

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ: Հուսկ, հանդէսի մասնակիցները համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ, որու ժամանակ հնչած բարեմաղթանքները ուղղուած էին շրջանաւարտներու ապագայ կրթական յաջողութիւններուն:

ՓԱՌԱՏՕՆ 

Միւս կողմէ, 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին, Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցան աւանդական փառատօնին օրերը, որոնք եւս համախմբեցին բոլորը՝ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Փառատօնը ունէր բազմակողմանի ծրագիր մը, որ կեանքի կոչուեցաւ յաջողութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2026