Երեքշաբթի 23, Յունիս 2026
ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ՄԸ՝ ԴԷՊԻ ԷՍՔԻՇԷՀԻՐ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները վերջերս միասնաբար ձեռնարկեցին ճամբորդութեան մը: Աւարտական դասարանի տղոց տեսակէտէ բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ այս ծրագիրը՝ քանի իրարմէ եւ իրենց սիրելի դպրոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ անոնք առիթն ունեցան խտացեալ ձեւով շփուելու: Այսպէս, 8-րդ դասարանի տղաքը շրջայց մը կատարեցին Էսքիշէհիրի մէջ՝ ուղեկցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի եւ ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներու:
Էսքիշէհիրի մէջ աշակերտները հաճելի ժամանց ունեցան իրարու հետ, միեւնոյն ժամանակ, հաղորդ դարձան քաղաքի պատմամշակութային արժէքներուն եւ վայելեցին բնական հարստութիւնը:
Խումբը Իսթանպուլ վերադարձաւ վառ տպաւորութիւններով եւ անմոռանալի յուշերով։
Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2026