ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՏԻԳՐԱՆ ԵՒ ՆԱՏԻԱ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ԱՄՈԼԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր՝ հոգելոյս բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ կողակցին՝ Նատիա Կիւլմէզկիլի մահուան տարելինցերուն վրայ: Ծանօթ է, որ ճիշդ տարի մը առաջ Տիգրան Կիւլմէզկիլ անակնկալօրէն մահկանացուն կնքած էր՝ խոր ցաւ պատճառելով համայնքային շրջանակներուն: Իր մահուան առաջին տարելիցը նշուեցաւ, միեւնոյն ժամանակ, կողակցին՝ Նատիա Կիւլմէզկիլի վերյիշումով: Հոգելոյս Տիգրան Կիւլմէզկիլի մահուան առաջին, իսկ լուսահոգի՝ Նատիա Կիւլմէզկիլի 10-րդ տարելիցներուն առթիւ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Արարողութեան հանդիսապետեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ օրուան պատգամին մէջ անդրադարձաւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի մատուցած ծառայութիւններուն եւ ծաւալած երախտաշատ գործունէութեան:
Եկեղեցւոյ հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ բոլորը ուղղուեցան դէպի Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի բարեյիշատակ Կիւլմէզկիլ ամոլին հողակոյտը: Շիրիմին շուրջ եւս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ներկայութեամբ Ամեն. Ս. Պատրաիարք Հօր եւ հանդիսապետութեամբ Տ. Արամ արք. Աթէշեանի: Բոլորը բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին Կիւլմէզկիլներու բարի յիշատակին առջեւ: Հոգեհանգստեան պաշտօնին մասնակիցները բարոյական զօրակցութեան տրամադրութիւններով շրջապատեցին նաեւ Տիգրան եւ Նատիա Կիւլմէզկիլներու հարազատները՝ մանաւանդ Մելիսսա-Ալէն Պաղ ամոլն ու զաւակները:
Ի յիշատակ հոգելոյս Կիւլմէզկիլներուն, գերեզմանատան հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս սարքուեցաւ նաեւ հոգեճաշ մը:
Միւս կողմէ, լուսահոգի Տիգրան Կիւլմէզկիլի դուստրը՝ Մելիսսա Պաղ երէկ տեղեկացուց, որ իր հօրը նախաձեռնութիւններէն մին կարելի դարձած է ի կատար ածել անոր մահէն վերջ: Արդարեւ, Տիգրան Կիւլմէզկիլ ունեցած է նախաձեռնութիւն մը, որպէսզի բարենպատակ հիմնադրամ մը ստեղծէ: Այդ գործը, դժբախտաբար, իր կենդանութեան օրօք կիսատ մնացած էր: Երէկ, Մելիսսա Պաղ յայտնեց, որ «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ-Մայա» անուան տակ ստեղծուած է այս նոր բարենպատակ հիմնադրամը, որ պիտի գործէ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հաստատած «Չաղտաշ» ընկերութեան կազմէն ներս: