ՏԱՏԵԱՆԻ ԽՈՒՄԲԸ ԱԽՈՅԵԱՆ
Միջմիութենական «Ռուբէն Սեմէրճեան» պասքեթպոլի այս տարուայ ախոյանը հանդիսացաւ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան խումբը:
Պոլսահայ մարզական կեանքի առանցքային իրադարձութիւններէն մին է այս մրցաշարքը, որ արդէն 33-րդ անգամ տեղի ունեցաւ: Շաբաթներ շարունակ մրցումները համայնքային շրջանակներու ուշադրութեան առարկայ դարձան՝ մինչ այս շաբաթավերջին հերթը հասած էր աւարտականին: Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս արդէն մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուած էր աւարտական փուլին առթիւ: Արդիւնքին, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի խումբը հանդիսացաւ առաջին: Յաջորդեցին՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի, Մխիթարեան վարժարանի եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի սանուց միութիւններու խումբերը:
Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին տատեանցիներուն յանձնուեցան մետայլներն ու բաժակը՝ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: Միւս դափնեկիրներն ալ ստացան իրենց պարգեւները:
Մրցաշարքի կազմակերպիչները շնորհաւորեցին ախոյեանները, դափնեկիրները եւ բոլոր մասնակիցները՝ այժմէն ժամադրուելով յաջորդ տարուան համար: