ՅԱՒԻՏԵՆՈՒԹԵԱՆ ՇԵՄԻՆ

Պէյօղլուի Սէն թ՚Անթուան եկեղեցին իր պատմական կամարներուն տակ երէկ իրիկուն հիւրընկալեցերաժշտասէր բազմութիւն մը։ Vox Aeterna՝ «Ձայն յաւիտենական» խորագիրը կրող երաժշտական այսձեռնարկը ունկնդիրները հրաւիրած էր երաժշտութիւն լսելու, բայց նաեւ մասնակցելու ներքինճամբորդութեան մը՝ ժամանակաւորէն դէպի յաւիտենականը, մարդկային զգացումներէն դէպիաստուածային խորհուրդը։

Համերգը կազմակերպուած էր Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի կողմէ՝ սենեկայիննուագախումբի ընկերակցութեամբ եւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի ղեկավարութեամբ։ Ձեռնարկի գլխաւորհովանաւորն էր Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ թաղի Ս. Թարգմանչացվարժարանի հիմնադրութեան 240-ամեակի առթիւ։ Ներկայ էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Տիեզերականպատրիարքի ներկայացուցիչը, երեսփոխան տոց. տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, հոգեւորականներ եւ բազմաթիւհիւրեր։ Արդէն իսկ ընտրուած վայրը՝ Սէն թ՚Անթուանի վեհաշուք տաճարը, կը յուշէր, թէ ձեռնարկը պիտիձգտի գերազանցելու համերգի սովորական սահմանները։ Եկեղեցւոյ բարձր կամարներուն տակ հնչողերաժշտութիւնը կը դադրէր պարզ կատարում մը ըլլալէ եւ կը վերածուէր հոգեւոր փորձառութեան։

Համերգի ծրագիրը կազմուած էր ուշագրաւ մտածողութեամբ։ Յայտագրի գրքոյկին վրայ պատկերուածերկու աղաւնիները կը փոխանցէին խորհրդանշական ուղերձ մը՝ յիշեցնելով Եղիան ու Ենովքը, որոնց մասին«Ի վերին Երուսաղէմ» յայտնի երգին մէջ կը գործածուի «ծերացեալ աղաւնակերպ» բազմիմաստարտայայտութիւնը։ Աղաւնին, որ քրիստոնէական խորհրդաբանութեան մէջ երկնային խաղաղութեան եւՍուրբ Հոգիի նշանն է, այստեղ կը դառնայ նաեւ յաւիտենութեան պատգամաբերը։ Արդէն իսկ համերգինախաբանին մէջ ունկնդիրը կը հրաւիրուէր լսելու ոչ միայն մարդկային ձայներ, այլ այն ձայնը, որ կու գայժամանակի սահմաններէն անդին։

Ծրագիրը բացուեցաւ Քարլ Օրֆի «Քարմինա պուրանա»ով։ Միջնադարեան բանաստեղծութիւններուվրայ հիմնուած այս գործը կ՚անդրադառնայ մարդկային կեանքի ամենահիմնական իրականութիւններուն՝բախտ, սէր, ցանկութիւն, կորուստ։ Այս մեկնակէտը պատահական չէր վստահաբար. ան կը ներկայացնէրմարդկային կեանքը իր ամբողջ թափով եւ անկայունութեամբ։ Մարդը՝ իր ուրախութիւններով ուտառապանքներով, իր յաղթանակներով ու պարտութիւններով, կանգնած էր երաժշտական այսճամբորդութեան սկզբնակէտին։

Այնուհետեւ ունկնդիրը հանդիպե

ցաւ ժամանակակից հայ երաժշտութեան։ Դաւիթ Հալաճեանի «Իմ լոյսը…» ստեղծագործութիւնը, զորյաջողապէս կատարեց նուագախումբը, շատերու համար նոր բացայայտում մըն էր եւ ստեղծեց յատուկմթնոլորտ։ Հոն կար ներփակուած խոհականութիւն մը, որ կարծես կը պատրաստէր յաջորդ հանգրուանին։

Համերգի առանցքային կէտը, սակայն, անկասկած բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի բառերով յօրինուած «Սիրոյեւ մահուան երգը» եղաւ։ Ո՛չ միայն որովհետեւ ստեղծագործութիւնը գեղարուեստական բարձր արժէք ունէր, այլ որովհետեւ ան ծրագրին ճիշդ կեդրոնը կը գտնուէր՝ բառին թէ՛ իրական, թէ՛ խորհրդանշական իմաստով։Սէրն ու մահը մարդկային գոյութեան երկու մեծ խորհուրդներն են, եւ Սեւակի բանաստեղծական աշխարհըզանոնք կը ներկայացնէ հազուագիւտ խորութեամբ։ Երաժշտական մարմնաւորման շնորհիւ այս գործըդարձած էր ողջ համերգի ողնաշարը։ Ծանր էր, այո՛, սակայն այդ ծանրութիւնը ճնշող չէր։ Ընդհակառակը, անկը ստիպէր ունկնդիրը լքելու արտաքին աշխարհի աղմուկը եւ մտնելու իր ներաշխարհէն ներս։

Այդ կէտէն ետք համերգը կը թեւակոխէր ուրիշ ոլորտ մը։ Մարդկային կեանքի հարցադրումներէնաստիճանաբար կ՚անցնէինք մահուան խորհուրդին եւ անոր քրիստոնէական մեկնաբանութեան։ Այստեղյատկապէս ուշագրաւ էր Գաբրիէլ Ֆորէի եւ Մոցարթի «Ռէքուիէմ»ներէն ընտրուած բաժիններուհերթագայութիւնը։ Այս լուծումը երաժշտական խիզախութիւն մըն էր, որ լիովին արդարացուց ինքզինք։

Մոցարթի «Ռէքուիէմ»ը իր ողբերգական լարումով, ահեղութեամբ եւ դատաստանի զգացումով դարերէ ի վերկը ցնցէ ունկնդիրը։ Ֆորէի «Ռէքուիէմ»ը, ընդհակառակը, մահուան կը մօտենայ խաղաղութեան, հանգստութեան եւ երկնային մխիթարութեան զգացումով։ Երբ այս երկու աշխարհները կը ներկայացուինիրարու մէջ ընդելուզուած կերպով, ունկնդիրը կարծես կը տեսնէ քրիստոնէական փորձառութեանամբողջութիւնը։ Մահը այլեւս ո՛չ միայն սարսափի, այլեւ յոյսի դուռ կը դառնար։ Դատաստանի ահը կըմիանար յաւիտենական հանգստութեան խոստումին։

Այս բոլորին գագաթնակէտը դարձաւ Ահմէտ Ատնան Սայկունի «Eski Üslupta Kantat» գործէն «Tanrım» հատուածը։ Եթէ համերգի առաջին մասը կարելի էր բնորոշել որպէս մարդկային ձայն, ապա վերջինբաժինները արդէն աղօթք էին։ Երաժշտութիւնը կը դադրէր ինքն իր մասին խօսելէ եւ կը սկսէր պատմելԱստուծոյ մասին։

Ահա այստեղ է, որ «Ձայն յաւիտենական» խորագիրը կը բացայայտէ իր ամբողջ իմաստը։ Յաւիտենութիւնըերաժշտութեան նիւթը չէր միայն. անոր նպատակակէտն էր։ Համերգը կը յաջողէր ունկնդիրը առաջնորդելկեանքի աղմուկէն դէպի ներքին լռութիւն, ուր մարդը կը սկսի լսել աւելի խոր ձայն մը։

Այս նախագիծ-ձեռնարկին յաջողութեան գլխաւոր վաստակը, բնականաբար, կը պատկանի խմբավարՍիպիլ Արսէնեանի։ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը տարիներու ընթացքին ձեռք բերած էայնպիսի փորձառութիւն եւ հասունութիւն, որ կը գերազանցէ սիրողական բնորոշումը։ Այդ հասունութեան մէջանկասկած վճռորոշ է խմբավարի դերը։ Ո՛չ միայն երաժշտական ճշգրտութիւնը, այլեւ ամբողջ ծրագրիներքին տրամաբանութիւնը կը մատնանշէր երկար խորհրդածութեանց, աշխատանքի, տեսլականի եւնուիրումի առկայութիւնը։

Երեկոյթի աւարտին հանդիսատեսի երկարատեւ եւ յոտնկայս ծափահարութիւնները բնական արձագանգնէին ապրուած փորձառութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր հուսկ բանքին մէջ պատմեց հետեւեալուշագրաւ դրուագը։ Հէնտէլի ստեղծագործութիւններէն մէկու կատարումէն ետք, երբ հանդիսատեսըխանդավառ ծափահարութիւններով կը փորձէր պատուել զինք, մեծ երաժիշտը մատը դէպի երկինքբարձրացնելով պատասխանած է. «Ի՛նքն է արարողը»։

Թերեւս այս պատմութիւնը «Ձայն յաւիտենական» համերգին ամենայարմար մեկնաբանութիւնն է։ Արուեստըիր բարձրագոյն արտայայտութեան մէջ երբեք ինքն իրեն չի մատնանշեր։ Ան կը դառնայ պատուհան մը, որուընդմէջէն մարդ կը տեսնէ աւելի մեծ իրականութիւն մը։ Երէկ իրիկուն Սէն թ՚Անթուան եկեղեցւոյ մէջ հնչածերաժշտութիւնը նոյնպէս կը ձգտէր այդ նպատակին։ Ան մեզ կը հրաւիրէր լսելու ո՛չ միայն երգչախումբիձայները, ո՛չ միայն նուագախումբի հնչիւնները, այլեւ այն «ձայն յաւիտենական»ը, որուն ի վերջոյ կը փորձենմօտենալ բոլոր ճշմարիտ արուեստները։

ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026