ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՕՏԱՐԱՑՄԱՆ ԼՈՒՌ ՃԳՆԱԺԱՄԸ

Ժամանակակից արհեստագիտութեան յաճախ սխալ օգտագործումով ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները յաճախ դիւրաւ կը խզուին: Երբ ամուսնացած զոյգեր իրարմէ կը բաժնուին՝ անհանդուրժողականութեան կամ նոյնիսկ պարզ թիւրիմացութեան մը պատճառով, զարմանալի չէ ընտանիքի բոլոր անդամներուն իրարմէ օտարացումը: Անգլիական «Ինտիփենտընթ» թերթին կայքը այս բնաբանով հրապարակած է յօդուած մը եւ ընթերցողներու կարծիքներ: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

«Ես պարզապէս կտրուած էի աղջկաս աշխարհէն»

Տեպի Ռիչենս «սրտաբեկ եւ ջախջախուած» էր, երբ աղջիկը զայն քննադատեց Դիմատետրի վրայ՝ հարսանեկան զգեստի ընտրութեան ժամանակ տեղի ունեցած թիւրիմացութենէն ետք:

Տեպի Ռիչենս եւ անոր աղջիկը միշտ մտերիմ յարաբերութիւններ ունեցած են:

«Ան ամենէն քաղցր, գեղեցիկ աղջիկն էր, որ կ՚երազես ունենալ քու աշխարհիդ մէջ», կ՚ըսէ Տեպին:

Ան դեռ հաճելի յիշողութիւններ ունի Տեւոնի մէջ հարազատներու հետ անցուցած ամառնային արձակուրդներու մասին, իսկ անոր աղջիկը հիանալի յարաբերութիւններ ունեցած էր Տեպիի ծնողներուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ: Սակայն ամէն բան փոխուեցաւ գիշերուան մը ընթացքին, երբ ան բաժնուեցաւ ամուսինէն եւ լքեց ընտանեկան տունը, երբ դուստրը 14 տարեկան էր:

«Առաջին քանի մը տարիներուն ընթացքին ես յուսահատօրէն կը փորձէի յարաբերութիւններ հաստատել անոր հետ։ Ես կը սգայի, ես յուզական վատ վիճակի մէջ էի: Այդ բառացիօրէն նման էր Էվերեսթ բարձրանալուն եւ անընդհատ ետ սահելուն: Չկային՝ անվտանգութեան կապուած խնդիրներ, ոստիկանութեան միջամտութիւն, հոգեկան առողջութեան կապուած հարցեր, ընկերային ծառայութիւններ. ես պարզապէս կտրուած էի աղջկաս աշխարհէն», կ՚ըսէ ան:

Թէեւ զոյգը դեռ պարբերաբար կապի մէջ էր եւ Տեպին աջակցած է աղջկան 2014 թուականի յղութեան ընթացքին ու այցելած է անոր հիւանդանոցը, սակայն իրենց միջեւ հեռաւորութիւնը մնացած է: Քանի մը տարի լարուած յարաբերութիւններու մէջ պայքարելով՝ հարսանեկան զգեստի վերաբերեալ մեկնաբանութիւնը ստիպեց իր աղջկան հրապարակաւ քննադատել մայրը ընկերային ցանցերու մէջ եւ ի վերջոյ չհրաւիրեց զայն հարսանեկան արարողութեան: «Ես այնքան տառապած էի, որ երեք օր լացի», կը պատմէ մայրը: Վերջին անգամ անոնք զրուցած են տասնամեակ մը առաջ:

Մայրերու եւ աղջիկներու միջեւ յարաբերութիւններու խզումը հազուադէպ երեւոյթ չէ: Ըստ էութեան, ընտանեկան օտարացումը կարծես կտրուկ կ՚աճի թէ՛ Անգլիոյ, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Անցեալ տարուան օգոստոսին կայացած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ ամերիկացի չափահասներու 38 առ հարիւրը օտարացած է ընտանիքի անդամներէն, 24 առ հարիւրը՝ քրոջմէ/եղբօրմէ, 16 առ հարիւրը՝ ծնողքէն եւ 10 առ հարիւրը՝ զաւակէն:

Մինչ իրենց երեխայէն կամ թոռնիկէն օտարացած մարդոց աւելի քան երկու երրորդը նշած է, որ բաց է հաշտութեան համար, երեխաներու միայն 35 առ հարիւրը նշած է, որ պատրաստ է վերականգնելու յարաբերութիւնները ծնողքին հետ:

Ընտանիքի անդամներու միջեւ բաժանման հիմնական պատճառները կրնան ներառել՝ դժուար ամուսնալուծումները, տնտեսական հարցերու շուրջ տագնապները, նախասիրութիւնները, քաղաքական տարբեր համոզումները եւ խառն ընտանիքներու շուրջ ծագող խնդիրները, նաեւ՝ ալքոլամոլութիւնը կամ սեռական բռնութիւնը:

Անգլիոյ Սթենտ Էլոն բարեգործական կազմակերպութիւնը, որ կ՚աջակցի օտարացած չափահասներուն, պարզած է, որ հանրութեան աւելի քան մէկ քառորդը կը ճանչնայ մէկը, որ այլեւս յարաբերութիւններ չունի ընտանիքի անդամին հետ: Բայց եւ այնպէս, մասնագէտները զգուշացուցած են, որ ընտանիքէն օտարացման աճը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ ընկերային լրատուամիջոցներով եւ դժուար զրոյցներ վարելու մարդոց անկարողութեամբ:

Ընտանեկան օտարացման մասնագէտ եւ Անգլիոյ որակաւորուած խորհրդատուական հոգեբան տքթ. Սեմ Պարչամ կը նշէ, որ ընտանիքի անդամներու հետ կապերը խզող երիտասարդներու թիւը կարծես անհամաչափ է: «Երիտասարդ սերունդը աւելի բաց է եւ աւելի շատ երկխօսութիւն կայ թունաւորման, ինքնահաւանութեան եւ «կտրուած» մշակոյթի հարցերու շուրջը։ Չափով մը մենք չենք կրնար նուազագոյնի հասցնել մարդոց այսպիսի ապրումները, բայց կը կարծեմ, որ ընկերային ցանցերը կը դառնան կարգ մը բաներու արձագանգի խցիկ: Այդ կրնայ շարունակել անօգուտ ուղերձներն ու մտածելակերպը ու ես կը խրախուսէի մարդոց դիմել մասնագիտական աջակցութեան՝ առողջ եւ աջակցող ձեւով: Ակներեւ է, որ մենք ունինք մարդիկ, որոնք դժուար փորձառութիւններ ունեցած են, բայց կը կարծեմ, որ ընկերային ցանցերը կրնան բարդացնել իրավիճակը եւ ստեղծել կեղծ իրականութիւն», ըսաւ ան:

«Թիք-Թոք»ը «ընտանիքէն կտրուած» արտայայտութեան որոնումը կը բացայայտէ հարիւրաւոր տեսանիւթեր, ուր երիտասարդներն ու դեռահասները կը գրեն «թունաւոր» հարազատներու հետ շփումը դադրեցնելու իրենց պատմութիւնները, որոնցմէ շատերը մանրամասն կը նկարագրեն իրենց կեանքը մեկնաբանութիւններու բաժնին մէջ:

Ընտանեկան օտարացման նիւթը սրած է նաեւ հանրածանօթ անձերու, աստղերու նկատմամբ հանրութեան հետաքրքրութեան պատճառով:

Յունուարին Պրուքլին Պեքհըմ յայտնուեցաւ համաշխարհային լրատուամիջոցներու վերնագիրներու մէջ՝ հրապարակային յարձակում գործելով իր ծնողներուն՝ Տէյվիտի եւ Վիքթորիայի դէմ, յայտարարելով, որ չ՚ուզեր հաշտուիլ իր ընտանիքին հետ՝ հայրն ու մայրը մեղադրելով Պելցի հետ իր ամուսնութեան վերաբերեալ իրադարձութիւններու աղաւաղուած տարբերակը ներկայացնելուն համար: Պրուքլին Պեքհըմ այլեւս չի խօսիր մօրը հետ՝ հրապարակային վէճէն ետք:

Վերջին տարիներուն Ուիլիըմ եւ Հերի իշխաններու միջեւ լարուած յարաբերութիւնները նոյնպէս հանրային քննարկումներու բնաբան դարձած են: Հերի իր Սփեր յուշագրութեան մէջ հրապարակած է իրենց թշնամանքի մանրամասնութիւնները: Անոր կինը՝ Մեկըն Մարքըլ, նոյնպէս յայտնի է իր հօրմէն՝ Թոմաս Մարքըլէն օտարացումով, երբ ան բեմադրած էր փափարազիներու կողմէ նկարուած լուսանկարներ՝ 2018-ի թագաւորական հարսանիքին նախորդող շրջանին:

Բայց եւ այնպէս, կարգ մը յայտնի թշնամութիւններ աւարտած են հաշտութեամբ, մասնաւորապէս՝ Oasis եղբայրներ Լիամ եւ Նոէլ Քալակերի պարագային: Անոնք 2009 թուականի դաժան բաժանումէն ետք վերամիաւորուեցան 2025 թուականին՝ համաշխարհային շրջագայութեան համար:

Սակայն Տեպիի համար հաշտեցումը դեռ շատ հեռու կը թուի: Երբ աղջկան հետ շփումը վերջապէս խզուեցաւ, ան նուիրուեցաւ նման իրավիճակներու մէջ յայտնուած այլ ընտանիքներուն աջակցելուն եւ հիմա այդ ոլորտին մէջ կը մասնագիտանայ ընտանեկան օտարացման հարցերով: «Ես հիմնականին մէջ կ՚աշխատիմ մայրերու եւ մեծ մայրերու հետ ու մենք նկատած ենք այս խնդրի զգալի աճը: Հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունի հսկայական թեթեւամտութիւն, եւ համացանցի մէջ աճած է այս մեկուսացման մշակոյթը: Հազարաւոր մարդիկ՝ մայրեր, հայրեր, այս ապրումները կ՚ապրին, երբ զանոնք կը հեռացնեն իրենց չափահաս երեխաներու կեանքէն ամենէն անհիմն, ծիծաղելի պատճառներով», կը շեշտէ ան:

Հակառակ վերջին 20 տարիներու դժուարութիւններուն՝ Տեպին ըսաւ. «Դուռը միշտ բաց է իմ աղջկանս համար եւ միշտ ալ բաց կը մնայ»:

Ընտանիքի անդամներու միջեւ բաժանման հիմնական պատճառները կրնան ներառել զանազան խնդիրներ: «Այս տեսակի հեռաւորութիւնը, խնդիրը, ընդհանրապէս չի վերաբերիր այլ՝ անհանգստացնող «մօտիկութեան»: Ես չեմ կրնար յուզականօրէն կամ ֆիզիքապէս մօտ մնալ մէկու մը՝ առանց առողջ ինքնութեան, այն զգացողութեան, թէ ես ո՛ւր կանգ առնեմ, եւ ո՛ւր անոնք սկսին: Լաւ նորութիւնը այն է, որ ինքնութիւնը կրնայ զարգացուիլ, ուստի միասին ըլլալը այնքան՝ անապահով չի թուիր, որքան՝ նախապէս», կ՚ըսէ ան:

Տարբեր կարծիքներ

«Այս երբեք գիշերուան մը ընթացքին տեղի չ՚ունենար, ինչպէս կը պնդէ յօդուածին մէջ նշուած կինը: Այս վիրաւորանքներու, բռնութեան եւ անտեսման ամբողջ կեանք մըն է, որ ծնողները չեն ուզեր ընդունիլ: Նախորդ սերունդները հաւատարմութիւն ցուցաբերած են, անկախ անկէ, թէ ինչպէ՛ս իրենց հետ վերաբերած են: Յետագայ սերունդները սորված են, որ հաւատարմութիւնը երկկողմանի ուղի է. դուն լաւ կը վերաբերիս մարդոց եւ հաւատարմութիւն կը ցուցաբերես անոնց, որոնք լաւ կը վերաբերին քեզի հետ»:

«Բռնարար ծնողները կը պահանջեն հաւատարմութիւն, բայց ոչինչ կ՚ընեն այդ շահելու համար: Երբ անոնց երեխաները չափահաս կը դառնան եւ կը տեսնեն, որ միւս ընտանիքները վարուած են սիրով եւ կարեկցանքով՝ վիրաւորանքներու եւ ատելութեան փոխարէն, անոնք բնականաբար կը հեռանան»:

«Ծնողները պէտք է պատասխանատու ըլլան իրենց վարքագիծին համար, այլ ոչ թէ մտածեն, որ կրնան իրենց երեխաներուն հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս իրենք կը ցանկան, եւ որ՝ իրաւունք ունին իրենց զաւակներու ժամանակին եւ ուշադրութեան»:

«Մարդիկ միշտ ալ օտարացած են, այս նոր բան մը չէ, պարզապէս անոր մասին շատ չի խօսուիր: Այո՛, անոր մասին խօսուած է ընկերային ցանցերու մէջ, բայց բազմաթիւ այլ հարցերու մասին ալ կը խօսուի»:

«Այս վիրաւորանքներու, բռնութեան եւ անտեսման ամբողջ կեանք մըն է, որ ծնողները չեն ուզեր ընդունիլ: Նախորդ սերունդները հաւատարմութիւն ցուցաբերած են անկախ անկէ, թէ ինչպէ՛ս իրենց հետ վարուած են»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026