ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ «ՁԱՅՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ»
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը այս շրջանին ձեռնարկած է «Ձայն յաւիտենական» խորագրեալ համերգներու շարքի մը։ Երէկ երեկոյեան, այս շարքի առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Սեն թ՚Անթուան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկապէս փառաշուք համերգ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Վարդանանց երգչախումբը հանդէս եկաւ՝ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ։ Քսանչորս հոգիէ բաղկացեալ սենեկային նուագախումբ մըն ալ ընկերացաւ երգչախումբին։ Հոյակերտ տաճարի պատկառազդու մթնոլորտին մէջ համախմբուած ունկնդիրները բառին բուն իմաստով կախարդուեցան Վարդանանց երգչախումբի կատարումներով։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր Վարդանանց երգչախումբը հանդէս կու գայ անկրկնելի որակով եւ ներկայ համերգաշարն ալ եկաւ նոր օղակ մը աւելցնել այս շղթային վրայ։
Հայ եւ օտար յօրինողներու գործերէ բաղկացեալ յայտագրի աւարտին բոլորը որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին Վարդանանց երգչախումբին կողմէ արձանագրուած գերազանց յաջողութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այսօր երեկոյեան ալ, նոյն վայրին մէջ տեղի կ՚ունենայ Վարդանանց երգչախումբին ելոյթը։
Երեկոյթը պատուեց նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։
Համերգաշարը ձօնուած է Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրութեան 240-ամեայ յոբելեանին։