ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ 19-ՐԴ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Աթագիւղի ողիմպիական աւանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Գալֆաեան տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 19-րդ մարզական խրախճանքը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ դարձաւ:
Միջվարժարանային այս ձեռնարկը ձօնուած էր՝ հոգելոս Վարսէն Օրունճաքճըէլի յիշատակին: Ծրագրի բարերարուհին էր Մարգրիտ Աթմաճա, որ տարիներէ ի վեր այս ուղղութեամբ հետեւողականութիւն կը ցուցաբերէ՝ իր լուսահոգի մօր յիշատակը անմահցնելու համար: Այս տարուան խրախճանքը զուգադիպեցաւ՝ Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 160-ամեակի յոբելենական շրջանին: Համայնքային վարժարաններէն շուրջ 500 աշակերտ մասնակցեցաւ ծրագրին, որու ընթացքին եղբայրական մթնոլորտի մէջ մրցակցութեան բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ:
Խրախճանքին հետեւեցան Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Մայօղլու եւ գործակից ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, բազմաթիւ կրթական մշակներ եւ հիւրեր: Ի յիշատակ 19-րդ խրախճանքին՝ Մարգրիտ Աթմաճային յանձնուեցաւ յուշանուէր մը: