ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Նախակրթարանը աւարտած փոքրիկները արդէն յաջորդ տարի պիտի սկսին միջնակարգի եւ այս անկիւնադարձը, անշուշտ, շատ յատկանշական էր՝ թէ՛ իրենց եւ թէ ընտանիքներուն համար։

Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Գատըգիւղի ընտանիքէն վարիչներ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ թէ՛ սրահի բեմին վրայ եւ թէ բացօթեայ։ Տղաքը երկու թատերակներ ներկայացուցին, իսկ ծրագրի բացօթեայ հատուածին մէջ կային պարեր։ Բոլոր ելոյթները արժանացան ծափահարութիւններու՝ մանաւանդ, որ տղաքը իսկապէս փայլուն յաջողութեամբ գործադրեցին յայտագիրը։ Անոնք անթերիօրէն հետեւած էին՝ հանդէսի պատրաստութիւնը վերահսկած կրթական մշակներու ցուցմունքներուն։

Եզրափակիչ փուլին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, որ աշակերտներուն յաջողութիւն մաղթեց կրթական կեանքի շարունակութեան համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026