Չորեքշաբթի 17, Յունիս 2026
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Մխիթարեան վարժարանէն հիւրեր այցելեցին խմբագրատունս։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին՝ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Սեսիլ Պոզօղլանօղլու եւ Սիւլէյման Քայլան, ինչպէս նաեւ 11-րդ դասարանի աշակերտներէն Թալիա Օսանչլըօղլու եւ Արտա Արսլան։
Զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ Մխիթարեան վարժարանէն ներս սկսած է վերահրատարակուիլ աւանդական հանդէսը՝ «Նոր Մեղու» անունով։ Անցեալի մէջ լոյս տեսած «Մեղու»ին շարունակութիւնն է այս մէկը, որ նոր շրջանին կը պատրաստուի եռալեզու՝ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէնով։
Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026