ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Կը տեղեկանանք, որ Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները դափնեկիր դարձած են շատ յատկանշական մրցոյթի մը մէջ։ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) կողմէ կազմակերպուած՝ ակադեմական բնոյթով միջվարժարանային մրցոյթի մը մէջ Կեդրոնականի ներկայացուցիչները արձանագրեցին գերազանց յաջողութիւն։ Այսպէս, «Ընտանիքիս պատմութիւնը կը գրեմ» խորագրեալ մրցոյթին մասնակցեցաւ 350 աշակերտ՝ Իսթանպուլի զանազան լիսէներէն։ Փետրուարէն ի վեր ընթացքի մէջ էր այս երկարաշունչ աշխատանքը։
Նշանթաշըի «İş Mekan»ին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ այս մրցոյթին եզրափակիչ փուլը։ Աւարտական փուլի անցնիլ յաջողած տասնեակին մէջ կար Կեդրոնականէն երեք ներկայացուցիչ։ Այսպէս, Կարէն Քիւրքճիւօղլու հանդիսացաւ մրցոյթի առաջինը։ Էյլէմ Չոլաք եղաւ չորրորդ, Ալեքսան Լիսանն ալ մաս կազմեց առաջին տասնեակին։ Եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին յաջողագոյն այս աշակերտները հանդէս եկան՝ հնգական վայրկեանէ բաղկացեալ ելոյթներով։
Մրցոյթի դատակազմը կը բաղկանար յայտնի պատմաբաններէ եւ գրողներէ։ Առաջին երեք կարգերուն արժանացած աշակերտները՝ որպէս նուէր ստացան «iPad»ներ եւ դրամական պարգեւ։ Չորրորդ եւ հինգերորդ հորիզոնականը զբաղեցուցած տղաքը արժանացան դրամական պարգեւի։ Առաջին տասնեակի միւս աշակերտները խրախուսուեցան՝ Պատմութեան հիմնարկին կողմէ հրատարակուած գիրքերով։
Այս յաջողութիւնը Կեդրոնականէն ներս մեծ խանդավառութեան առիթ դարձած է՝ մինչ յաջող աշակերտներն ու իրենց ուղեցոյց ուսուցիչները արժանացած են տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գնահատանքին ու բոլորի ջերմ վերաբերմունքին։