ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Երէկ, Էսաեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ բացառիկ ոգեւորութեան։ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի ընտանիքէն վարիչներ, որոնք փութացած էին ուրախակից ըլլալու փոքրիկներու ծնողներուն եւ հիւրերուն։

Մանկապարտիզպանուհիներ Սիպիլ Աւագօղլու եւ Սելին Տուրսուն հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։ Յայտագրի տեւողութեան մանկապարտէզի փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան՝ զանազան լեզուներով ներկայացուած պարերով, երգերով եւ ոտանաւորներով։

Եզրափակիչ փուլին Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ վկայականներ յանձնեց՝ մանկապարտէզը աւարտած հինգ տարեկան փոքրիկներուն։

Հանդէսի ընթացքին ստեղծուած խանդավառութեան համահունչ մթնոլորտի մէջ՝ հատուեցաւ փոքրիկներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։ Ընդունելութեան տեւողութեան բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին մանկապարտէզի փոքրիկները՝ մաղթելով կրթական կեանքի տեւողութեան փայլուն յաջողութիւններ։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026