ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ՝ ԱՐՇԱՒԻՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՊԻՒՅԻՒՔԻՇՄԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Երէկ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը: Պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան: Արարողութեան ներկայ էին պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն զանազան ներկայացուցիչներ: 

Երէկուան Ս. Պատարագի ընթացքին նշուեցաւ Արշաւիր սարկաւագ Պիւյիւքիշմանի յոբելեանը: Այսպէս, ան սարկաւագ ձեռնադրութեան յիսնամեակին առթիւ, Ամեն. Ս. Պարտիարք Հօր կողմէ գնահատուեցաւ մասնաւոր օրհնութեան գիրով: Ս. Պատարագի ժամանակ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան գիրը ընթերցեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս փուլին իր օրհնութիւնը տուաւ Արշաւիր սարկաւագ Պիւյիւքիշմանին, որ եկեղեցական կեանքէ ներս տասնամեակներէ ի վեր կը մատուցէ նուիրեալ ծառայութիւն: Արարողութեան հետեւեցան նաեւ մեծարեալ սարկաւագի հարազատներն ու ընտանիքի անդամները: 

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2026