ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՇ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան գլխաւորեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ դէպի Արմաշ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի եւ Սկիւտարի ընտանիքի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս ուխտագնացութիւնը բացառիկ հոգեւոր ապրումներու առիթ դարձաւ՝ մանաւանդ, որ Արմաշի մէջ գործած պատմական վանքը հանդիսացած էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ստեղծման ներշնչաքի աղբիւրը։ Ուխտագնացութեան բոլոր մասնակիցները ունեցան վառ տպաւորութիւններ։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ուխտագնացութեան շրջանակներէն ներս քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Քոճաէլիի կուսակալ Իլհամի Աքթաշին։

Նորին Ամենապատուութեան հետ էին Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւագ քահանայ Տամատեան եւ այլ աշխարհական վարիչներ։ 

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2026