ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտներու օրհնութեան կարգ: 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համայնքային միջնակարգերու աւարտական դասարաններու աշակերտութեան հետ մէկտեղուեցաւ՝ ներկայութեամբ դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցչաց կազմին: Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան արարողութիւն, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ տղոց ուղղեալ քարոզ մը: Ան շաբաթավերջին նախատեսուած՝ լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց բոլորին: 

Օրհնութեան կարգին մասնակցեցան՝ Տատեան, Պէզճեան, Սահակեան-Նունեան, Լեւոն-Վարդուհեան, Եշիլգիւղի եւ Անարատ Յղութիւն վարժարաններու աշակերտները:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026