ՁԱՅՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ» ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մէկտեղուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: Դպրաց դասու նախագահ Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեանն ալ ներկայ գտնուեցաւ զրոյցին:
Երգչախումբի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ մօտալուտ «Ձայն յաւիտենական» համերգին կապակցութեամբ: Երգչախումբը այս ծրագրին մասնակցութիւն պիտի բերէ՝ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ: Այսպէս, երկու համերգներ տեղի պիտի ունենան Պէյօղլուի Սէն թ՚Անթուան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Ձեռնարկը ձօնուած պիտի ըլլայ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրութեան 240-ամեակի յոբելեանին: Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց իրեն ներկայացուած տեղեկութիւններուն համար եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ: