ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆ ՈՒ ՓՈԽ-ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու փոխ-ատենապետուհի Շահնար Պոշնաքը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս աւ. քահանայ Գույումճեան:
Զրոյցի ընթացքին Օշին Փոլատ եւ Շահնար Պոշնաք անդրադարձան Ռումելիհիսարի եկեղեցւոյ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներուն: Անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին, որ այդ բոլորը կը նախատեսուի իր աւարտին հասցնել՝ մինչեւ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որ ամէն տարի կը կատարուի Ս. Սանդուխտ կոյսի յիշատակութեան տօնի շաբաթավերջին: Նորին Ամենապատուութիւնը արտայայտեց գնահատանքը թաղային խորհուրդի ատենապետին ու փոխ-ատենապետուհիին կողմէ իր նկատառման յանձնուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ: Միեւնոյն ժամանակ, ան հիւրերուն հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ՝ թաղային խորհուրդի ընթացիկ, օրակարգային հարցերուն շուրջ:
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի ատենապետին ու փոխ-ատենապետուհիին՝ յարատեւութիւն մաղթելով Վոսփորի ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերուն համար: