ՀԲԸՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վերընտրեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան՝ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով տարուած յաղթանակին կապակցութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՀԲԸՄ-ի շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Այս ընտրութիւնները կը վկայեն թէ՛ քաղաքացիական աշխոյժ մասնակցութեան եւ ազատ ու արդար ընտրական գործընթացի միջոցաւ իրենց ղեկավարը ընտրելու հիմնարար իրաւունքի իրացման հանդէպ Հայաստանի քաղաքացիներու յանձնառութեան եւ թէ օրէնքի գերակայութեան ներքեւ Հայաստանի ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրութեան մասին»։

Շնորհաւորականին մէջ ՀԲԸՄ յոյս յայտնած է, թէ տարածաշրջանէն ներս կը հաստատուի տեւական խաղաղութիւն եւ կը սկսի կայունութեան դարաշրջան մը, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանին՝ ուղղորդելու իր մարդկային ներուժը դէպի նորարարութիւն, թեքնոբանական յառաջընթաց, տնտեսական աճ ու ազգային անվտանգութեան ոլորտները։ «Նոյն ոգիով մենք կոչ կ՚ուղղենք վերականգնել միասնականութեան զգացումը եւ ձեւաւորել բարի կամքի ու քաղաքակիրթ երկխօսութեան մթնոլորտ՝ տարբեր տեսակէտներու եւ գաղափարներու ազատ արտայայտութեան համար թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ աշխարհասփիւռ հայութեան շրջանականերէն ներս», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Շնորհաւորականին մէջ ընդգծուած է, որ ՀԲԸՄ յանձնառու է համագործակցելու իշխանութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի հետ՝ ստեղծելու համար հնարաւորութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն համայն հայութեան հայրենիքի զարգացման ու բարգաւաճման։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026