ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿԱՆՑ Դ. ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳԻ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Շահէն քհնյ. Օհանեանի։ Երգչախումբը հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ հանդէս պիտի գայ աշխարհիկ համերգով մը՝ Սէրճան Կազէրօղլուի մականին ներքեւ։ Ուստի, երգչախումբի ներկայացուցիչները Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ներկայացան թէ՛ բացատրութիւններ տալու եւ թէ ստանալու իր օրհնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց սրբազան երաժշտութիւնը պահպանելու ուղղեալ գործադրուած ջանքերը, համերգին համար մաղթեց յաջողութիւն եւ տուաւ իր օրհնութիւնը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026