ՄԱՐԴԸ՝ ՓՈՔՐԻԿ ՏԻԵԶԵՐՔԸ
Մարդը՝ որ «փոքրիկ տիեզերք» մը կոչուած է, սակայն, իր մէջ կը զգայ անհունութեան անհպելի սահմաններուն սաւառնող կարողութեան մը թռիչքը։ Ուստի, իր միտքին սրաթռիչ թեւերովը մերթ կը խոյանայ դէպի երկինքի բարձրութիւններուն եւ մերթ կը մխրճի երկրի ընդերքներու մէջ եւ ովկիանոսներու անդնդախոր յատակը։ Ան գիտութեան աչքերուն սեւեռումներովը կ՚ընդգրկէ հեռաւորներու անծանօթ աշխարհներու ափունքները, եւ բնութեան թաքուն ուժերը վե՛ր հանելով՝ կը գործածէ զանոնք այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզէ իր կամքը։
Մարդուն ձեռքերը երկրիս չորս ծայրերը կը կապեն իրարու հետ այնպէս՝ ի՛նչպէս սարդի ոստայն մը՝ տան մը անկիւնը։ Եւ այսօր սակայն այս գիտութիւնը կրցած է փոխել «ճակատագիր»ը մարդուն եւ կատարելագործել զայն հոգեպէս։ Դժբախտ չէ՞ք գտներ զայն իր բոլոր այս կարծեցեալ զարգացմանը եւ մտաւորական յառաջդիմութեանը մէջ, քանի որ բուն բարոյական մարդը չէ՛ զարգացած իր մէջ եւ կը մնայ տակաւին իր տխուր անկումին մէջ։ Քանի գիտութիւնը չէ, որ կը պակսի մարդուն, այլ բուն ներքին «հոգեւոր կեանք»ը, սրտի եւ զգացումի ճշմարիտ կեանքը, բարոյական կեանքը. եւ առանց ներքին կեանքին փոփոխութեան միւս՝ արտաքին կամ մտաւորական փոփոխութիւնները կուտ մըն ալ չե՛ն արժեր…
Յիսուսի ակնարկած փոփոխութիւնը, կամ պահանջած «նոր մարդ», «նոր ծնունդ»ը բոլորովին տարբեր են գիտութեան մեր միտքին վրայ յառաջ բերած փոփոխութիւններէն եւ մարմնոյ ծնունդէն։
Արդարեւ, Յիսուս կը պահանջէ զարմանալի փոփոխութիւն մը, եւ զայն «նոր ծնունդ» եւ «նոր կեանք» կ՚անուանէ։ Մենք մինչեւ այս փոփոխութիւնը չզգանք մեր կեանքի մէջ, «նոր ծնած» չենք կրնար համարուիլ եւ կ՚ապրինք տակաւին «հին մարդ»ը՝ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած մա՛րդը։
Քրիստոնէական վսեմ կրօնը՝ իր գործը ներսէն՝ սրտէն կը սկսի, եւ տակաւ կ՚ազդէ կը տիրապետէ մեր զգացումներուն եւ մեր բովանդակ էութեան։ Անոր հեղինակին եւ առաջնորդին աչքը կը նայի շեշտակի՛ եւ խորաթափանց նայուածքով մը դէպի ներս մեր հոգեկան կեանքի ներքնաշխարհին, ուր բացայայտ կ՚երեւի մեր սրտին սրբութիւնը կամ թաքուն ծածուկ պղծութիւնը։
Քրիստոնէական կրօնի սկզբունքներուն մէջ, ո՛չ պաշտօնը, ո՛չ դիրքը, ո՛չ անունը, ո՛չ տարազը եւ ոչ ալ արտաքին որեւէ ձեւերը եւ ծէսերը կրնան բան մը ազդել մեր սրտին վրայ, այդ բոլորը կեղեւն են քրիստոնէութեան. պատեանն են բուն կեանքին, մարմինն են բուն հոգիին։ Ուստի, ճշմարիտ կրօնը սրտէն կը սկսի եւ մինչեւ, որ մարդու այս լայն աշխարհը չփոխուի, միւս փոփոխութիւնները եւ արտաքին ձեւերը երբեք արժէք չեն ներկայացներ։ Սիրտը կեդրոնն է այն թաքուն ուժին՝ որ կը կառավարէ մեր ամբողջ կեանքը, մեր խորհուրդները, մեր գաղափարները, մեր զգացումները, մեր կիրքը, մեր կամքը։ Սիրտը մարդուն գաղտնիքներով լեցուն «տիեզերք» մը չէ՞, անոր մէջ պահուած ուժերը աւելի բուռն չե՞ն, քան մեզի ծանօթ եւ յայտնի բնական աշխարհի ուժերը։
«Սիրտ ծով»ուն մէջ տեղի ունեցած փոթորկումները աւելի ուժգին, աւելի կատաղի չե՞ն, քան ովկիանոսներու մռնչող ալիքները ամեհի, քան անապատներու մրրիկներն ահաւոր։ Դարձեալ այդ «սիրտ աշխարհ»ին մէջ կան ի՜նչ հաճոյքներ, ի՜նչ հրապոյրներ, ի՜նչ մեծութիւններ, որոնց հետ չեն կրնար բաղդատուիլ այս աշխարհի ո՛չ մէկ գեղեցկութիւնները եւ հրապոյրները, ո՛չ մէկ հաճոյքները եւ մեծութիւնները։ Մտի՛ր, մտի՛ր մէյ մը հոն, այդ «սիրտ աշխարհ»էն ներս, ո՜հ, հոն ինչե՜ր պիտի տեսնես, իրարու ներհակ եւ աններդաշնակ ի՜նչ հակապատկերներ, հոգեբանական ի՜նչ զարհուրելի երեւոյթներ պիտի պարզուին աչքերուդ առջեւ, կը կարծես, թէ վայրի եւ փարատող գազանները լեռները եւ անտառնե՞րը միայն կը բնակին. Հոն՝ սրտին մէջ ալ չէ՞ որ կը քնանայ կատաղի կիրքերու մռնչող առիւծը, հոն չէ՞ որ դեռ արիւնոտ թուշը կը լզէ վայրագ ունակութիւններու եւ անկուշտ, անյագ շահասիրութիւններու պատառող գայլը. հոն՝ սրտին թաքուն ալքերուն եւ խորշերուն մէջը չէ՞ որ դեռ կը սողոսկի թունաւոր սեւ օձը նախանձի, վերջապէս հոն չէ՞ որ կը խլրտին խածատող իժերը՝ մեր դէպի չարը հակամէտ զգացումներուն։ Մինչեւ որ Քրիստոսի կեանքէն եւ սրտէն սիրոյ արեւը չճառագայթէ, չլուսաւորէ մեր այս սիրտերուն ներքին կողմը, եւ նոյն երկնային լույսով որոշակի չտեսնենք եւ ճանաչենք, թէ ի՜նչ գազանային բնաւորութիւններ՝ մարմին առեր եւ որջացեր են հոն, եւ մինչեւ որ այդ կիրքերու գազան բնաւորութիւնները չփոխուին, առիւծը՝ հեզահամբոյր եզին, պատառող գայլը՝ անմեղ գառնուկին, սողոսկող նախանձին օձը՝ սրբութեան եւ անբծութեան տատրակին, մենք տակաւին նորոգուած կամ նոր ծնած չենք համարուիր։
Բարքերու, ապրելակերպի ապականութիւնը մահացումն է սրտին, ա՛ն է, որ կը պղտորէ, կ՚աղտոտէ մեր սուրբ զգացումներուն բուն աղբիւրը։ Մաքուր եւ սուրբ սիրտ մը չի՞ նմանիր պայծառ հայելիի մը՝ ուր ամէն ինչ որոշ եւ յստակ կ՚երեւի, կամ ջինջ եւ վճիտ լճակի մը՝ ուր կը պատկերանայ, կը ցոլանայ երկինքը ամբողջ։
Քրիստոնեային սիրտը պէ՛տք է ըլլայ այնքա՜ն մաքուր, այնքա՜ն ջինջ, որ առաքինութիւններու գեղեցկութիւնները նկարուին հոն երկնային սիրոյ ցոլքերովը, եւ հոն պատկերանայ նոյնիսկ սիրոյ Աստուածը. «Երանի՜ անոնց որոնք սրտով սուրբ են, վասնզի անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն». (ՄԱՏԹ. Ե 8)։ Դեռ սակայն կոյր կիրքերու խաւարին ամպերը պատեր են մեր սիրտերու աշխարհին հորիզոնը, ուր Քրիստոսի խաչէն ճառագայթող խաղաղութեան՝ արդարութեան՝ սրբութեան եւ սիրոյ արեւին մէկ փոքրիկ նշոյլը հազիւ թէ մուտ գտնելով կը պլպլայ աղօտ կերպով, ինչպէս աշնան սեւ եւ թխպոտ՝ մթագնած ամպերու ճեղքուածէն արեւին տկար եւ անզօր մէկ ճառագայթը կ՚իյնայ երկրի վրայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 16, 2026, Իսթանպուլ