ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալուեցան՝ Սելվին Բարունակեան-Էօզկիւլ, Թամար Սինանօղլու-Կէօքչէօղլու եւ Լինտա Աքեան-Չեթինքայա, որոնք համայնքէն ներս կը ծաւալեն կամաւոր գործունէութիւն: Իգական սեռի այս երեք գործիչները վերջերս կազմակերպած էին ծաղկանոցի աշխատանք մը, որ արժանացած էր անմիջական ուշադրութեան: Այս նախագծին հասոյթը անոնց կողմէ յանձնուեցաւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին՝ հաշուի առնելով, որ ան եզակի առաքելութիւն մը ունի պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս եւ կարիքները դիմագրաւելու ճանապարհին զօրակցութեան կը կարօտի: Գնահատելով դպրոցի վերաբերեալ այս հանգամանքները՝ անոնք փափաքած էին ծաղկանոցի աշխատանքին հասոյթը տրամադրել դպրոցին:
Ուրեմն, այս առիթով կազմակերպուած այցելութիւնը դարձաւ իսկապէս անմոռանալի: Վարժարանէն ներս ստեղծուեցաւ բացառիկ խանդավառութիւն: Հիւրերը ներկայացուցին իրենց ծրագիրը, իսկ դպրոցէն ներս շրջայցի ընթացքին, պատասխանատուները անոնց տեղեկութիւններ տուին կրթօճախի պայմաններուն, կացութեան եւ կարիքներուն շուրջ:
Աշակերտները երգերով եւ պարերով խանդավառեցին մթնոլորտը՝ արժանանալով հիւրերու ջերմ վերաբերմունքին:
Հուսկ, Սելվին Բարունակեան-Էօզկիւլ, Թամար Սինանօղլու-Կէօքչէօղլու եւ Լինտա Աքեան-Չեթինքայա վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին «Հրանդ Տինք» դպրոցէն՝ քանի իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմութիւնը իսկապէս անմոռանալի դարձած էր իրենց համար: