ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները այս տարի եւս իրականացուցին պտոյտ մը՝ ամառնամուտի շրջանին: Դպրոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, ութերորդ դասարանի տղաքը այս պտոյտը իրականացուցին՝ մէկ կողմէ բարձր տրամադրութեան պայմաններով զիրար վայելելով, իսկ միւս կողմէ դպրոցէն հրաժեշտ առնելու յուզումնախառն պահուն ընդառաջ:
Աւարտական դասարանի աշակերտները, դպրոցի տնօրէնուհիին կողմէ գլխաւորուած կրթական մշակները միասնաբար իրականացուցին այս պտոյտը: Թիւով 49 հոգիէ բաղկացեալ խումբը ճանապարհորդութիւն մը իրականացուց դէպի Եգէականի շրջան: Տատեանցիները այցելեցին Շիրինճէ գիւղը, Եփեսոսն ու շրջակայքը, իսկ վերադարձի ճանապարհին հանդիպեցան նաեւ Փամուքքալէ:
Այս ուղեւորութիւնը մասնակիցներուն տեսակէտէ եղաւ թէ՛ հաճելի ժամանց մը եւ թէ հնարաւորութիւն ստեղծեց բնութեան հետ շփուելու, մշակութային եւ պատմական նիւթերու շուրջ տարրական պատկերացում մը կազմելու: