«ԲԱՐԵԿԱՄ» ԽՄԲԱԿԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

«Բարեկամ» խմբակին կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու եզրափակիչ հանդիսութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ: Հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Տ. Շիրվան քահանայ Միւրզեան: 

 «Բարեկամ» խմբակի աջակցութեամբ, Պաքըրգիւղի Տատեան, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան եւ Գումգաբուի Պէզճեան Մայր վարժարաններու սաներուն համար վերջին տարիներուն կը կազմակերպուին արհեստական բանականութեան եւ «ֆոթոշոփ» ծրագրի դասընթացքներ: Այս տարի 55 աշակերտ մասնակցեցաւ այս դասընթացքներուն, որոնք կը հովանաւորուին Մելիսա Կիւլմէզկիլ-Պաղի կողմէ՝ ի յիշատակ իր լուսահոգի հօր՝ համայնքային անմոռանալի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի: 

Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործընկերները, յիշեալ դպրոցներու տնօրէնները, ծրագրի աջակիցները, մասնակիցներ եւ հիւրեր, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան «Բարեկամ» խմբակի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ելոյթներէն վերջ դասընթացքներու մասնակից 55 աշակերտները ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները: Տարեվերջի հանդէսի հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որ խրախուսեց այս ծրագիրը։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026