ՀՈԳԱԾՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒԻԼ
«Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ իր սիրած աշակերտը, որ մօրը քով կեցած էր, ըսաւ մօրը.- Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ։ Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին.- Ահաւասիկ մայրդ։ Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ». (ՅՈՎՀ. ԺԹ 26-27)։
Յիսուս խաչին վրայ՝ տառապանքի մէջ, մահամերձ մտածեց Իր մօրը մասին եւ իր սիրած աշակերտը տեսնելով՝ զայն անոր յանձնեց։ Ուստի, կեանքի մէջ յաճախ մարդիկ կը յանձնուին վստահելի հոգատարներու։
Յիսուսի խաչի ներքեւ կը գտնուէին Իր մայրը եւ Իր սիրած աշակերտը եւ հաւատարիմ կիներ։
Արդարեւ, մօր մը համար՝ Աստուածամօր համար ո՜րքան դժուար էր այդ պահուն, խաչին ներքեւ գտնուիլ եւ վկայել իր Որդւոյն խաչին վրայ կրած տանջանքներուն եւ հոգւոյն աւանդութեան։ Բայց ան քաջաբար գտնուեցաւ հո՛ն եւ հոն տեսաւ Աստուծոյ փառքը։ Խաչին վրայ Յիսուս հաշտութիւն կը բաղձար եւ երբեք չէր մոռնար մայրը եւ իր աշակերտը՝ Յովհաննէսը։
Անոնք, որոնք կը դիմադրեն, կը հանդուրժեն նեղութիւններու՝ ի վերջոյ կ՚արժանանան աստուածային փառքին եւ հոգատրութեան, խնամատարութեան…
Առանց չարչարանքի, առանց նեղութեան, առանց համբերատարութեան կարելի չէ՛ փառքի արժանանալ, հոգածութեան յանձնուիլ եւ ահաւասիկ այս իմաստով, Յիսուս խաչին վրայ, Եկեղեցին յանձնեց Իր մօրը եւ մայրը՝ Եկեղեցիին։ Այսպէս Եկեղեցին չզրկուեցաւ մայրական խնամքէն եւ հոգատարութենէն, եւ փոխադարձաբար՝ մայրը չզրկուեցաւ որդիական սէրէն։ Քանի որ մարդիկ միշտ կարիքը ունին Աստուծոյ խնամքին, հոգածութեան եւ փափաքը՝ Աստուծոյ փառքը տեսնելու։
Մարդ միշտ կը փնտռէ մէկը՝ որուն պաշտպանութեանը պահանջքը ունի, քանի որ մա՛րդ կատարեալ չէ, թերութիւններ ունի եւ տկա՛ր է։
Ահաւասիկ, այս կէտին մենք պէտք է գտնուինք Խաչին ներքեւ, ուր Յիսուս հակառակ Իր տառապանքին, ցաւերուն չզլացաւ մտածել, հոգալ Իր սիրածները եւ յանձնել զանոնք ապահով հոգատարներու, մայրեր՝ իրենց զաւակներուն, զաւակներ՝ իրենց մայրերուն։
Յիսուսի չարչարանքները, խաչելութիւնը եւ խաչին վրայ մահը անարդարութեան արդիւնք էր։ Բայց ան երբեք չզլացաւ սէրը, գութը իր սիրելիներէն. նաեւ զԻնք անիրաւ կերպով դատապարտողները ներեց եւ անոնք ալ չզրկեց իր շնորհքէն։ Բոլորին հանդէպ գութ ցոյց տուաւ։ Ան երբեք անարդար եւ անիրաւ վարմունքներու փոխարէն անիրաւ եւ անարդար չվերաբերուեցաւ, անոնց գործերուն համաձայն չգործեց։ Ան արդար եւ անշահախնդիր վարուեցաւ բոլորին հետ։ Յիսուս «տիպա՛ր» մը եղաւ Իր ամբողջ կեանքով։
Ուստի, մեր բոլորին կը վերաբերի օգտուիլ այդ Տիպարէն՝ ջանալ նմանիլ Անոր, սիրով եւ հաւատարմութեամբ հետեւիլ Անոր եւ միշտ գտնուիլ Խաչին ներքեւ՝ ակնկալելով Անոր փառքը վայելելու շնորհքը։ Բայց աշխարհի վրայ, անշուշտ, կան միշտ նեղութիւններ՝ որոնք արգելք կ՚ըլլան այս փառքը վայելելու, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս.
«Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք. ես աշխարհին յաղթեցի». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Յիսուս Խաչին վրայ՝ չարչարանքներու մէջ քաջութեամբ եւ սիրով իր սիրելիներուն պաշտպան կանգնեցաւ։ Աշխարհի նեղութիւններ արգելք չկրցին ըլլալ աշխարհը յաղթելու Յիսուսին։ Ուրեմն, մենք ալ պէտք է քաջ ըլլանք մեզ աստուածային շնորհքներէն հեռացնող արգելքներու նկատմամբ. Խաչին ներքեւ՝ օրինակ ըլլանք մեր մտածումներով, խօսքերով ու վարուելակերպով։ Եւ պէտք չէ՛ մոռնալ, որ ամենազդու եւ տպաւորիչ օրինակը մարդուս կեանքը եւ ընդհանուր վարուելակերպն է, եւ ո՛չ՝ մտածումները եւ խօսքերը։
Բարի եւ նպաստաւոր օրինակը՝ արդէն ամենալաւ օգտակարութիւնն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 14, 2026, Իսթանպուլ