ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլն ու գործակից ընկերները: Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան: 

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին՝ ամսոյս 24-ին նախատեսուած Հոգեգալստեան տօնի արարողութիւններուն: Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ ամէն տարի Հոգեգալուստի օրը կը կատարուի նաեւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը: Թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ այս փուլին ընդառաջ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու: 

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներէն թարմ տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան զանազան երեսակներուն շուրջ: Ան դրուատեց Պէյօղլուէն ներս ստեղծուած եռուզեռը եւ մաղթեց, որ այդ մէկը շարունակուի զարգանալով: Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութիւններն ու յարատեւութեան մաղթանքը փոխանցեց թաղային խորհուրդին, որ կը ջանայ բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնել՝ իր պատասխանատուութեան յանձնուած կառոյցներու կենսունակութիւնը խրախուսելու ճանապարհին:

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026