ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒ»Ը ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթավերջին, Գարակէօզեան տան կողմէ կազմակերպուած երաժշտական փառատօնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: «Երաժշտական արշաւ» անուանումին ներքեւ կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը: 2014 թուականին հաստատուած աւանդութիւնը ցայսօր կը շարունակուի՝ նոյն խանդավառութեամբ եւ նուաճումով:

Այս տարուան «Երաժշտական արշաւ»ը տեղի ունեցաւ՝ Շիշլիի քաղաքապետութեան ենթակայ «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ: 9-11 տարեկաններու եւ 12-20 տարեկաններու տղաքը առանձին դասաւորումներու մէջ հանդէս եկան:

Ընդհանուր առմամբ 82 մանուկ եւ պատանի բեմ առին այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս՝ իրենց հմտութիւնները ի յայտ դնելով ընկերներուն, ընտանիքներուն, ուսուցիչներուն եւ զիրենք սիրողներուն առջեւ: Առաւօտեան ժամերուն սկսած համերգը շարունակուեցաւ մինչեւ յետմիջօրէի ժամերը՝ մինչ ծրագրի ամբողջ տեւողութեան բոլորը լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցան երիտասարդներու կատարումներուն, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու: 

«Երաժշտական արշաւ»ին առթիւ Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը: Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհիներ Թաթիա Մարաշլեանի եւ Քարին Պալի: 

Համերգաշարի ընթացքին 65 աշակերտ դաշնամուր, 4 աշակերտ կիթառ, 1 աշակերտ էլեքտրօ կիթառ, 1 աշակերտ ջութակ, 3 աշակերտ պաթերի, իսկ 1 աշակերտ ալ քոնթըրպաս նուագեցին:

Ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ երիտասարդ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքչու, որ իր կատարումներով դրական տպաւորութիւն գործեց բոլորին վրայ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2026