ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ՍՏՈՒԵՐԻ ՏԱԿ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻ
Ժամանակակից հասարակութեան մէջ արմատաւորուած է ինքզինք սեփական դիրքէն ու արժանիքէն աւելի վեր ցոյց տալու անսանձ հոգեկան ձգտումը. հիւանդութիւն՝ ձեւանալու այն՝ ինչ որ չեն ու գուցէ երբեք չկարենան ըլլալ: Այս հիւանդութիւնը օրէ օր աւելի կ՚ընդհանրանայ, որովհետեւ մարդիկ կը սկսին համոզուիլ, որ արտաքին ընկալումը շատ աւելի կենսական է՝ քան ներքինը: Ներկայ ընկերութեան մէջ մարդ իր արժանիքներով ու կարողութիւններով չէ՛, որ կը գնահատուի. անոնց չափ կարեւոր է նաեւ ուրիշներու վրայ ձգած ազդեցութիւնը՝ որ շինծու ու արհեստական կրնայ ըլլալ:
Ի դէպ, այս հիւանդութիւնը համատարած է. մարդ արարած ընկերութեան մէջ ինչ դիրքի վրայ ալ գտնուի, ինքզինք միշտ աւելի խելացի, ունակ, բարոյապէս բարձր, կարող ու յաջողակ ըլլալ կը կարծէ՝ քան մարդկային միջին դասակարգը։ Այս նոյն համոզումը գոյութիւն ունի նաեւ անոնց մօտ՝ որոնք միջինէն ալ վար մակարդակի վրայ կը գտնուին։ Անշուշտ, այս մէկը կեղծաւորութիւն կամ եսասիրութիւն պէտք չէ նկատել. այս մէկը մարդուն մօտ գիտակցուած ընթացք մը չէ. հոգեբանական վիճակ մըն է, որ կը պաշտպանէ մարդուն ինքնագնահատականն ու յուզական կայունութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը իրականութեան չհամապատասխանէ, մարդուն մօտ կը ստեղծէ պաշտպանողական հոգեվիճակ մը՝ ինքզինք աւելի ինքնավստահ, աւելի դիմացկուն զգալու՝ մա՛նաւանդ մրցակցութեամբ լեցուն ընկերութեան մը մէջ: Այս ընթացքը անորոշութեան կամ ձախողութեան դէմ հոգեբանական պաշտպանութիւն մըն է. աւելի յստակ ըլլալու համար բացատրենք. մեծատուն մը գործերու անյաջողութեան պատճառով կը կորսնցնէ իր հարստութիւնը։ Այս ձախողութիւնը խոր վէրք մըն է մարդկային ինքնասիրութեան համար, սակայն, այդ մէկը ինչքան ալ ցաւ պատճառէ, մարդ կը փորձէ դրական այն համոզումով, որ աշխատանքով, զոհողութեամբ եւ ունեցած կարողութեամբ այդ բոլորը դարձեալ կրնայ վերադարձնել։ Այս համոզումը իրականութեան կը համապատասխանէ թէ ոչ՝ երկրորդական է, սակայն, համոզում մըն է, որ մարդը հասարակութեան մէջ կը շարունակէ պահել ուժեղ, որովհետեւ այսպիսով մարդ կ՚ուզէ իր անխոցելիութիւնը ապացուցանել ուրիշներուն եւ այդ համոզումն է, որ «յոյս» կ՚անուանենք, որ մարդուն մէջ դարձեալ կը ստեղծէ աշխատելու եռանդ ու ոգեւորութիւն: Մարդկային «տկար» այս համոզումը ի յայտ կու գայ այն պատճառով, որ մարդ իր կեանքի դրական եղելութիւններն ու յաջողութիւնները շատ աւելի կը յիշէ, շատ աւելիով կը բարձրաձայնէ՝ քան ձախողութիւնները. օրինակի համար, առեւտուրով զբաղող վաճառականներ իրենց յաջողութիւններուն մասին աւելի կը խօսին՝ քան ձախողութիւններուն: Մարդ կը փորձէ միշտ բացասականը մոռացութեան տալ, որովհետեւ դրականը թէ՛ անձնական հոգեբանութեան մէջ եւ թէ շրջապատին վրայ միայն ու միայն դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ։ Մարդ իր յաջողութիւնները բազմիցս յիշելով ինքզինք կ՚ամրապնդէ՝ որպէսզի ապրի այնպէս, կարծես բացասականները գոյութիւն ունեցած չըլլային:
Օրինակի համար, մօտեն կը ճանչնամ անձ մը, որ իր դրական գործերուն կողքին կատարած է բազմաթի՜ւ ժխտական արարքներ. տարիներ ետք՝ այսօր, ընկերային հաւաքներու ընթացքին բազմի՜ցս կը խօսի իր յաջողութիւններուն ու լաւ արարքներուն մասին, սակայն, երբեք չ՚անդրադառնար անոնց՝ որոնք բացասական են:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած վիճակագրական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ամերիկացիներուն աւելի քան 70 տոկոսը ինքզինք նկատած է «յաջողած» եւ կամ «շատ յաջողած»։ Ուրիշներէն շատ աւելի կարող ու խելացի ըլլալու պարագային վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ մէկը կը հասնի 85-էն 90 տոկոսի:
Մեր օրերուն մարդիկ իրենց յաջողակ ըլլալն ու չըլլալը կը փորձեն գնահատել ո՛չ թէ ներքին կարողութիւններով, այլ արտաքին արձագանգով։ Այդ իսկ պատճառով ականատես կ՚ըլլանք, որ նոյնիսկ անգրագէտ մարդիկ իրենք զիրենք իմաստուն ու գրագէտ ցոյց տալու մարմաջը ունին. նման մարմաջով ապրող մարդիկ իրենց գործերով չէ, որ հոգեկան բաւարարութիւն կը զգան. իրենց համար անհրաժեշտ է այլոց կարծիքը, գնահատանքը։ Այս ընթացքը մարդը գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը դնէ վերջ չունեցող մրցակցութեան մը մէջ:
Բանաստեղծ, գրող եւ թատերագիր Օսքար Ուայլտ (1854-1900թթ.) իր աշխատանքներէն մէկուն մէջ կը յայտնէ հետեւեալ կարծիքը. «Մարդիկ իրենք իրենց ճշմարիտ գինը կը ճանչնան միայն այն ժամանակ՝ երբ փորձեն ներկայացնել աւելի բարձրը»։ Օրինակը տանք շատ հասարակ մարդկային օրինակով մը. պատկերացուցէք, որ գետինը դրուած է շատ ծանր պարկ մը, երիտասարդ տղոց եթէ «կրնա՞ս վերցնել» հարցնէք, մեծամասնութիւնը դրական «այո՛» մը պիտի ըսէ, որովհետեւ մերօրեայ երիտասարդը ինքզինք համոզած է, որ երիտասարդ տղամարդ ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ զօրաւոր, ըլլալ անսասան, սակայն, իրականութեան մէջ անոնցմէ մի քանին հազիւ պիտի կարենան այդ պարկը բարձրացնել։ Այս բոլորը աչքի առջեւ նկատի ունենալով կ՚ըսենք, որ մարդ արարած արտաքնապէս կրնայ բազմաթի՜ւ դերերու մէջ գտնուիլ։ Ամենէն անմիտ մարդը նոյնիսկ ընդամէնը մէկ նիւթ լաւ սերտելով կրնայ հասարակութեան մէջ որպէս իմաստուն շրջիլ՝ իւրաքանչիւր նիւթ ճարտարութեամբ փոխելով դէպի այն նիւթը՝ որուն լաւապէս կը տիրապետէ:
Այս կապակցութեամբ Աստուածաշունչը եւս ունի ըսելիք. Առակաց գիրքին մէջ կը կարդանք (Առակաց 16:18). «Հպարտութիւնը կործանումէն առաջ կու գայ, իսկ ամբարտաւան ոգին՝ անկումէն»: Կը հաւատանք, որ մարդկային այս հիւանդութիւնը ի սկզբանէ գոյութիւն ունէր՝ նոյնիսկ նախամարդուն մօտ. Քրիստոսի այս խօսքը լաւագոյն վկայութիւնն է այդ ճշմարտութեան. «Որ բարձրացուցանէ զանձն՝ խոնարհեսցի, եւ որ խոնարհեցուցանէ զանձն՝ բարձրասցի» (Մատթէոս 23:12). վկայ Փարիսեցին՝ որ ինքզինք շատ աւելի բարձր կը նկատէր՝ քան մաքսաւորը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Որքան որ զուրկ մնաս, չարչարուիս, նեղուիս ու համբերես, այնքան ալ դուն քեզի համար երկինքի մէջ գանձ կը պատրաստես, իսկ եթէ կը տրտնջաս ու կը նեղսրտիս, ի զուր կ՚աշխատիս. անվարձ կը մնաս:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան