ՈՒՆԻՆՔ՝ ՈՐ ՉՈՒՆԻՆՔ Է

Կը կարծենք, որ հայ գրականութեան մէջ դժուար է գտնել դէմք մը, որ այնքան բանավէճի ու քննադատութեան առիթ տուած է՝ քան Շահան Շահնուրը, որ թէ՛ անցեալին եւ թէ թերեւս նաեւ այսօր ունեցած է իր կողմնակիցներն ու հակառակորդները։ Ի տարբերութիւն միւս գրողներուն, Շահնուր յատկանշական դպրոց մըն է. գրող՝ որ յաջողեցաւ ձուլել վէպն ու քննադատութիւնը եւ շատ մը կարծիքներ ու համոզումներ դնել հերոսներու բերանը՝ խառնակութիւն ստեղծելով գրականութեան ու մտաւորականութեան մէջ։ Շահնուր հայ գրականութեան մէջ գրեթէ ամենէն սիրուած՝ միաժամանակ ամենէն ատուած գրողն էր. օրինակի համար՝ Խորհրդային Հայաստանի մտաւորականներէն շատեր իր ոճն ու գրութիւնը «խորթ» նկատելով հետաքրքրութիւն չէին ցուցաբերեր, սակայն, անդին այլ գրողներ. ինչպէս՝ Վահան Թէքէեան, Արշակ Չօպանեան եւ ուրիշներ, հետաքրքրութեամբ կը դիտէին ծնունդ առնող Շահնուրի կերպարը։ 1934 թուականին, Վահան Թէքէեան Փարիզի մէջ հրատարակուող «Ապագայ» թերթին մէջ կը խօսէր Շահնուրի մասին։ «Ապագայ»ի հինգշաբթի, 11 յունուար 1934 թիւին մէջ (ԺԴ. տարի, թիւ 24, էջ 2) Թէքէեան կը գրէ. «Շահան Շահնուր գրական այս նոր սերունդին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է, ըլլալով միաժամանակ ամենէն տոկուններէն. տոկուն՝ հակառակ վերոյիշեալ ընդհանուր եւ իրեն յատուկ ջլատիչ ազդակներուն»։ Վահան Թէքէեան կը գրէ, թէ պոլսահայ գրողներ ինչ մեծ հետաքրքրութեամբ ողջունեցին «Նահանջը առանց երգի» աշխատութիւնը, մինչ Խորհրդային Հայաստանի մասին կը գրէ. «Խ. Հայաստանը ըստ սովորութեան նկատեց իրեն համար խորթ, զայն չկարդաց ու կարդացողը անոր վերագրեց անճիշդ ձգտումներ՝ համաձայն իր կանխակալ կարծիքին…»: 

Անշուշտ, բոլորը Վահան Թէքէեանի նման լաւատես ու դրական կարծիք չունէին Շահան Շահնուրի մասին՝ մանաւանդ անոր հասակակից այլ ֆրանսահայ գրող Շուշանեանը, որ իր «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ատելութիւնը, որ պորտիդ եօթը կարելի սերունդներովդ պիտի տանիս, մինչեւ մահդ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դէմ, ատելութիւն մըն է ուղղուած առողջութեան դէմ, - կեանքի եւ զգացումներու, գաղափարներու եւ խոյանքներու։ Զարհուրելիօրէն կը վախնաս մահէն, որովհետեւ մաքուր չէ ակնարկդ, որովհետեւ մահը ի քեզ է արդէն։ Ու կը զգաս, որ ան գարշ կը հոտի։ Երբեք էութիւնդ չէ զգացած, թէ ուրիշ մահ մը կայ, քիչ մը տրտում՝ ինչպէս բոլոր հրաժեշտները, այլ քիչ մը քաղցր նաեւ։ Վերջին ակնարկի մը մէջ՝ կապտել երկրին գեղեցկութիւնը ու ժպտիլ օրուան, որ կը հանգչի։ Պիտի ծաղկին ու պիտի ծաղկին մեր երկրին յորդակոհակ ջրերը ու մեր ճամբաներէն ուրիշ հրաշք տղաք պիտի ելլեն՝ արշաւելու համար դէպի սէրը։ Սիրով ու յաղթութեամբ բաբախուն գրքեր պիտի գրուին ու մեր կեանքը աշխարհին մէջ պիտի թաւալի վերստին նո՛ր որոտումներով, նո՛ր ալեկոծութիւններով»։ Անէծք յիշեցնող այս տողերը մի քանի տողերն են հսկայական գրութեան՝ որ ամբողջութեամբ Շահնուրի հանդէպ «ատելութիւն» կը հոտի։ Շուշանեան այս գրութիւնը կը գրէ Շահնուրը հայատեաց ներկայացնելու միտումով. «Աստ կը հանգչին ոսկորները հիւանդ հայու մը, որ Արարատ չունէր իր հոգւոյն խորը»։ Այս տողերով գուցէ կ՚ուզէր Շահնուրի գրականութեան (եթէ, անշուշտ, ո՛չ անձին) վերջ տալ։ Սակայն, Շահնուրի գրականութիւնն ու տիպարը գնահատողները քիչ չէին. օրինակի համար, հայ գրականագէտ Թորոս Թորանեան 1971 թուականին Հալէպի մէջ հրատարակած «Վերստին կարդալով Շահան Շահնուրը» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Խոցուած առիւծի տառապանքը ապրեցաւ այս գրողը: Իր գրիչը թաթախեց մեր ժողովուրդին տառապանքին, իր իսկ տառապանքին մէջ ու գրեց. գրեց անիծելով, բայց ո՛չ ուրանալով ինչպէս ոմանք հետեւցուցին. գրեց արիւնելով իր եւ ուրիշներուն հոգին, մտածելով, թէ այդ է ձեւը տառապանքէն թմրած հոգիները արթնցնելու, հարուածուեցաւ բայց մահուան սեմին անգամ ցած չդրաւ իր գրող մարտիկի գրիչը, իր բոցավառ հայրենասէրի գրիչը»: 

Շահան Շահնուր կը հաւատար, որ կարելի է ազգի մը ընթացքը սրբագրել անոր բացասական երեւոյթները շեշտելով։ Իր սուր քննադատութեանց մէջ ան կ՚ուզէր յստակ ձեւով ըսել, որ այս ընթացքը դէպի նահանջ, դէպի անդունդ առաջնորդուիլ է։ Ահաւասի՛կ, Շահնուրի սուր քննադատութիւններէն մին, որ լուրջ վերլուծութեան կը կարօտի։ «Նահանջը առանց երգի» աշխատութեան մէջ ան իր հերոսներէն մէկուն բերնով կ՚ըսէ. «Հայը ունի լաւ նկարիչներ, բայց ո՛չ նկարչութիւն. հայը ունի լաւ դերասաններ՝ բայց ո՛չ թատրերգութիւն. յոգնիլ չգիտցող ճամբորդներ՝ բնա՛ւ նաւապետ. հայը ունի զմայլելի բանաստեղծներ, բայց ո՛չ գրականութիւն. Աստուածներ՝ ո՛չ դիցաբանութիւն. խնկելի յեղափոխականներ՝ բայց ո՛չ յեղափոխութիւն. հայը ունեցած է ազատութիւններ, երբե՛ք՝ անկախութիւն»։ Իր այս արտայայտութեամբ կու գայ քննադատելու ազգային ինքնութեան կորուստը։ Անոր խօսքով՝ հայ ժողովուրդը ունի բազմաթի՜ւ նկարիչներ ու գծագրողներ, սակայն չունի կայացած ազգային արուեստ, դպրոց կամ ուղղութիւն՝ ինչպէս ունէին մեր նախնիները. հայ ժողովուրդը ունի լաւ դերասաններ՝ սակայն չունի զարգացած թատերական մշակոյթ. այլ ազգերու մօտ թատրոնը սկիզբ առաւ իր ամենէն տկար ու նուաստ վիճակին մէջ ու ժամանակի ընթացքին զարգացաւ. հայ ժողովուրդի պարագային եղաւ հակառակը։ Հայկական առաջին թատրոնը ունեցաւ հրաշալի հիմք ու արդիւնք, սակայն, ժամանակի ընթացքին զարգանալու եւ իր ինքնուրոյնութիւնը պահելու փոխարէն տկարացաւ ու ձուլւեցաւ: Հայ ժողովուրդը ունեցաւ բազմաթի՜ւ յեղափոխականներ, սակայն, երբեք չյաջողեցաւ կառուցել ու կերտել այն Հայաստանը՝ որ կ՚ուզէին կերտել։ Յեղափոխականները չկրցան յեղափոխութեամբ կերտել ազատ ու անկախ Հայաստանը։ Հայ ժողովուրդը մի՛շտ ալ այսպէս կամ այնպէս եղաւ ազատ, սակայն, ո՛չ երբեք անկախ՝ սկսած իր եկեղեցական կեանքէն մինչեւ ազգային կեանք: Այս քննադատութեամբ հայը որպէս «տկար» չէ՛, որ կը ներկայացուի. այս մէկը քննադատութիւնն է կատարելութեան պակասին, որովհետեւ մենք ունեցանք գրեթէ՛ ամէն բան՝ բայց քիչ-քիչ. ո՛չ անկախութիւնը, ո՛չ բանաստեղծութիւնը, ո՛չ թատրոնը եւ ոչ ալ արուեստը կատարելութեան հասան մեր մօտ։ Հայ արուեստագէտը, դերասանն ու մտաւորականը մի՛շտ թշուառ ու անօթի կեանք մը ապրեցան. գրեթէ ամէ՛ն բան ունեցանք՝ առանց բան մը ունենալու… ինչ որ կոչեցինք հայու ճակատագիր: 

Այս առումով Շահան Շահնուր այն գրողն է, որ ի սրտէ կ՚արիւնի։ Իր քննադատութիւնը հայ ժողովուրդէն աւելի ինքն իր անձին, իր ինքնութեան ու իր թերութիւններուն հետ է. խիստ է՝ որովհետեւ հայրենասիրութիւնը շատ աւելի կը կշռէ իր մօտ քան սեփական եսին սէրը։ Ծնողք կայ հեզութեամբ, իսկ ծնողք կայ խստութեամբ կը սիրէ կրթել ու դաստիարակել մանուկը. շատ անգամ խստութեան տակ կրթուածն է, որ կաղապարի մէջ կը մտնէ, կը կոփուի։ Շահնուրի ոճն ալ ա՛յս է եւ այսօր նման ոճի մը կարիքը կը զգանք, որովհետեւ անտարբերութեան աստիճանը հասած է հո՛ն, որ պէտք է վիրաւորես՝ որպէսզի զգաստանայ: 

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ըրէ՛ ուրիշին, ինչ որ կ՚ուզես, որ ուրիշը քեզի ընէ, եւ մի՛ ըներ ուրիշին, ինչ որ չես ուզեր, որ ուրիշը քեզի ընէ: Ասիկա է օրէնքներու օրէնքը:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 9, 2026