ԴՊՐՈՑՆ ՈՒ ՊՈԼԻՍԸ

Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր պատմութիւնը, իր յիշողութիւնն ու պայքարի ուղին. պատմութիւն՝ որ նաեւ ինքնութեան հիմք կը հանդիսանայ. նոր սերունդը պարտի լաւապէս սերտել այդ պատմութիւնը՝ խորապէս հասկնալու համար իրենց նախահայրերուն զոհողութիւնները: Անշուշտ, հայկական շատ մը գաղութներ հիմնուեցան Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, սակայն, կան ուրիշներ, որոնք ի սկզբանէ գոյութիւն ունէին։ Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, պոլսահայ գաղութը՝ որ ունի աւելի քան չորս հարիւր տարուան հնութիւն: Գաղութ՝ ուրկէ ծնունդ առած է հայ գրականութեան Զարթօնքը (թէեւ շատեր այս մէկը չեն ընդունիր, որովհետեւ Պոլիսէն դուրս արդէն իսկ հայերէն գրականութիւն մը գոյութիւն ունէր, սակայն, այս մէկը դուրս կը մնայ մեր հիմնական նիւթէն)։ Պոլսոյ հայութեան պատմականը մի՛շտ ալ եղած անաւարտ, որովհետեւ անոր պատմութեան սկիզբը միշտ ալ եղած է անյայտ ու անստոյգ։ Հայերը այդտեղ ո՞ր թուականներուն կայք հաստատած ու գաղութ ձեւաւորած են, յայտնի պատասխան մը չունի, սակայն, գաղութի մը հնութիւնը ճշդելու ամենէն լաւ ձեւը անոր դպրոցներն ու եկեղեցիները ուսումնասիրելն է։ Անշուշտ, 1600-ական թուականներուն գոյութիւն ունեցող դպրոցները չունէին մերօրեայ վիճակը. այդ ժամանակ «դպրոց» հասկացողութիւնը գոյութիւն չունէր, սակայն կային դասարաններ, ուր մայրենի լեզուն կը դասաւանդուէր: 

Հայ բանասէր եւ գրաքննադատ Հրանդ Ասատուր 1903 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ծաղիկ» գրական հանդէսի 22 փետրուար թիւին մէջ (16-րդ տարի, թիւ 4, էջ 42) կը հրապարակէ «Կոստանդնուպոլսոյ հայ եւ յոյն դպրոցները 1790-էն առաջ» խորագրեալ գրութիւն մը, որուն առաջին տողին մէջ կ՚ըսէ. «Մինչեւ ԺԸ. դարու դարու վերջերը Կ. Պոլսոյ հայերը, ինչպէս նաեւ յոյները կազմակերպուած հանրային նախակրթութիւն չունէին»։ Արդէն մինչեւ 1789 թուականը թէ՛ յոյներուն եւ թէ հայերուն արգիլուած էր նախակրթարան եւ դպրոց ունենալ՝ մինչեւ սուլթան Սելիմ Գ.-ի հրամանը: Այդ հրամանէն առաջ դպրոց բանալու ջանքեր արդէն գրեթէ գոյութիւն չունէին: Այդ միջոցին գոյութիւն ունէին որոշ դպրոց յիշեցնող վայրեր, ուր եկեղեցականներու հսկողութեան տակ եկեղեցական գիտելիքներ կը փոխանցուէին՝ նոր եկեղեցականներ պատրաստելու համար։ Մերօրեայ դպրոցը յիշեցնող առաջին յիշատակութիւնը կը գտնենք եկեղեցական ու ժամանակագիր Գրիգոր Դարանաղցիի մօտ՝ որ երկար տարիներ եղած էր Կրետէ կղզիի հոգեւոր առաջնորդը։ Գրիգոր Դարանաղցի իր ժամանակագրութեան մէջ կը յիշատակէ Պոլսոյ մէջ գոյութիւն ունեցող հայերէն լեզուի դասախօսութիւն մը. այդ դասախօսութեան մասին կը կարդանք Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ. «ի թուին ՌԾԲ էին երեք վարդապետք ի Ստամպօլ քաղաքի, Յակոբ րաբունապետն Զէյթունցին, որ դաս կու հրամէր զԱւետարանն Մատթէոսեան: Եւ Մաղաքիա Վ. Թօխաթեցի դաս կ՚ասէր զԱրարածքն, եւ Զաքարիա Վ. Վանեցին ասէր զխորհուրդին մեկնիչ, եւ էր Ստամպօլ քաղաք իբրեւ զերկինս եւ կամ զժամանակն Կաոստանդիանոսի եւ զթարգմանչացն»։ Անշուշտ, նման տեղեկութիւններ փաստերու կը կարօտին. օրինակի համար, 1911 թուականին «Հանդէս ամսօրեայ» հանդէսը իր ԻԵ. տարի, 1911, թիւ 2, փետրուարի համարին մէջ կը հրատարակէ Զաքարիա Վանեցիի կենսագրութիւնը, որուն մէջ կ՚ըսէ. «Զաքարիա վարդապետ ձեռնադրուելէն ետք՝ 1603-ին Պոլիս կը գտնուէր եւ ուսուցչութիւն կ՚ընէր»: 

Պոլսոյ մէջ հայ դպրոցի այլ յիշատակութիւն մը մեր դիմաց կը դնէ Կղեմէս Կալանոս անունը՝ որուն մասին կարելի է բազմաթի՜ւ տեղեկութիւններ գտնել Օրմանեանի «Ազգապատում» աշխատութեան մէջ. Օրմանեան Սրբազան իր աշխատութեան 1693-րդ գլուխին մէջ կը գրէ. «Կալանոս երկու միջոցներ գործածեց հայերուն մօտ ընդունելութիւն գտնելու եւ տակաւ անոնք շահելու համար, գործակցութեամբ այն խմբակին, որուն լատինասէր ուղղութիւնը արդէն ծանօթ էր: Ղալաթիա թաղին մէջ, եւ կաթոլիկութեան ջերմ պաշտպան` Տըլահէյ (Jean de la Haye) գաղղիական դեսպանին հովանաւորութեամբ, ուսուցչութեան սկսաւ լեզուական եւ գիտական նիւթերու, եւ իր հայախօսութիւնը մեծապէս կը նպաստէր հայ աշակերտներ շատցնելու իր շուրջը, քանի որ հայերն ալ եւրոպական ուսմանց ծարաւի էին եւ կարօտը կը քաշէին»։ Անշուշտ, Օրմանեան երկար կ՚անդրադառնայ Կղեմէսի գործունէութեան, ինչ որ մեր յօդուածի նպատակէն դուրս կը մնայ: 

Անշուշտ, վերոյիշեալ անձնաւորութիւններն ու բազմաթիւ ուրիշներ, ինչպէս օրինակ՝ Երեմիա Չէլէպին, Ապրօ Չէլէպին, Մխիթար Աբբահայրը, ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով պատճառ դարձան, որպէսզի ժողովուրդին մէջ զարգանայ ու աճի «դպրոց» եւ «ուսում» հասկացողութիւնները: Այս բոլորին ժառանգութիւնն են Պոլսոյ մէջ գործող մերօրեայ դպրոցները։ Վերոյիշեալ մարդիկ անկարելին իրենց սահմանափակ կարողութիւններով կարելիի դարձուցին: Հայ ժողովուրդը գրեթէ իր բոլոր գաղութներուն մէջ ունեցաւ նման անձնազոհ մարդիկ. անձեր՝ որոնք նոյնիսկ արգիլուած վիճակին մէջ իրենց սեփական հանգիստն ու կեանքը վտանգելով, սեփական հանգիստէն ու շահէն աւելի առաջնահերթ նկատեցին ապագայ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւնը. դժուարին պայմաններու մէջ անոնց ստեղծածը այսօր մենք մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ կը դժուարանանք պահել:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Զօրաւոր նկարագիր ունենալու գաղտնիքը, զօրաւոր համոզումներ ունենալու մէջն է: Որքա՛ն հաստատուն է համոզումդ, այնքան զօրաւոր է նկարագիրդ:

ԱՆՅԱՅՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026