«ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՅՍՏԵՂ ԵՆՔ»

Երէկ երեկոյեան, քաղաքիս Հոլանտայի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Տակաւին այստեղ ենք» խորագրեալ ձեռնարկ մը: Մետիայի եւ իրաւունքի աշխատանքներու միութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը՝ 3 մայիսի Համաշխահային մամլոյ ազատութեան օրուայ շրջանակներէն ներս: 

«Լրագրութեան, դիմադրունակութեան եւ յոյսի շուրջ զրոյցներ» ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը: Հիւպատոսարանի համալիրէն ներս, նախկին մատրան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին զանազան լրագրողներ հանդէս եկան այս բնագաւառի դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ իրենց անձնական փորձառութիւններով: Իսկապէս խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ ծաւալուեցան քննարկումները, որոնց ընթացքին խոշորացոյցի տակ առնուեցան՝ առաջին հերթին առցանց լրատուամիջոցներու վերաբերեալ պարագաներ: 

Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի մօտ Հոլանտայի աւագ հիւպատոս Տաան Հուիսինկա:

Շուրջ երկու ժամ տեւած քննարկումներէն վերջ, հիւպատոսարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս զանգուածային լրատուութեան աշխարհի դիմագրաւած զանազան դժուարութիւններուն վերաբերեալ կարծիքի փոխանակումները շարունակուեցան հրաւիրեալներուն միջեւ:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026