ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ երէկ Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծեցին ԱՄՆ-ի եւ Սուրբ Աթոռի ամուր յարաբերութիւնները։
Սրբազան Պապը եւ Ռուպիօ անդրադարձան Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ արեւմտեան կիսագունդի ընդհանուր կացութեան։ Անոնք նշեցին խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան յառաջ մղելու ուղղեալ Ուաշինկթընի եւ Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը։
Բացի Սրբազան Պապին հետ Առաքելական պալատին մէջ ունեցած զրոյցէն, Մարքօ Ռուպիօ Սուրբ Աթոռէն ներս մէկտեղուեցաւ նաեւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Մարքօ Ռուպիօ Վատիկանի շփումներէն վերջ, կը հիւրընկալուի նաեւ Իտալիոյ ղեկավարութեան կողմէ։