ԻՍԿԱԿԱՆ ԽԱՌՆԱՇՓՈԹ

Ամերիկայի Միացեալի Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմը Իրանի դէմ յայտարարուած պատերազմը կը շարունակէ միջազգային օրակարգը զբաղեցնել առաջնահերթօրէն: Այս պահու դրութեամբ իսկական խառնաշփոթ մը կը տիրէ՝ քանի ամիսէ մը ի վեր հաստատուած է թէեւ հրադադար մը, սակայն, այդ մէկը բաւարար չէ եղած շօշափելի զարգացում մը ապահովելու եւ համաձայնութեան հասնելու տեսակէտէ: Երէկ, Պարսից ծոցէն ներս, ԱՄՆ-ի եւ Իրանի զօրքերը հարուածներ փոխանակեցին, բայց, անմիջապէս յայտարարուեցաւ, որ հրադադարը կը պահպանուի: 

Ներկայիս «ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն» կացութիւն մը կը տիրէ, ինչ որ մասնագէտներու եւ վերլուծաբաններու տեսակէտէ մտահոգիչ է: Արդարեւ, ԱՄՆ ունի զինուորական գերակայութիւն, սակայն, չի՛ յաջողիր այդ մէկը քաղաքական առաւելութեան մը վերածել: Նախագահ Թրամփ կը հասկնայ, որ կարգ մը զիջումներ պէտք է ընել, սակայն, կը ձգտի երթալ այնպիսի զիջումներու, որոնք կարելի պիտի ըլլայ մատուցել հանրային կարծիքին: Այսինքն, համոզիչ զիջումներու հետամուտ է ամերիկացի ղեկավարը՝ մինչ վերլուծաբաններ դիտել կու տան, որ այս պահու դրութեամբ բուն խնդիրը ետքայլ մը ընելը չէ, այլ այդ ետքայլի ինչպէ՛ս ըլլալիքը: Ուաշինկթընի տեսակէտէ ընդհանուր պատկերը ունի բաւական բարդ նշանակութիւն, միւս կողմէ Թեհրանի տեսանկիւնէն ալ վիճակը նուազ դժուար չէ: Ըստ միջազգային աղբիւրներու՝ Իրան պատրաստակամ է լուրջ զիջումներու երթալու՝ իր հիւլէական ներուժի սահմանափակման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ: Վերջին օրերուն «The Wall Street Journal»ը գրած էր, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի քսան տարուան դիտարկում մը հաստատել՝ Թեհրանի կողմէ ուրանիումի հարստացման ծրագրի պարագային: 

Ամբողջ աշխարհ ներկայիս կը սպասէ Թեհրանի արձագանգին՝ Ուաշինկթընի կողմէ ներկայացուած շրջանակային առաջարկներու պարագային: Եթէ Իրան ընդունի այդ առաջարկները, ապա ԱՄՆ-ի հետ երեսուն օրուայ բանակցութիւններու ժամանակաշրջան մը պիտի սկսի: «Bloomberg»ի հաղորդումներով՝ այդ առաջարկներուն մէջ նախատեսուած է Հիւրմիւզի ջրանցքի բացման համար փուլային տարբերակի մը հետեւիլ: ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի հետ ենթադրեալ համաձայնութիւնը կը նախատեսէ հրաժարիլ միջուկային զէնքերէ: 

Սպիտակ տունը այս շրջանին նոյնաժամանակ հետամուտ է մէկէ աւելի խնդիրներու լուծման: Արդարեւ, ԱՄՆ Իրանի դէմ պատերազմը հռչակած է Իսրայէլի հետ: Այս վերջինը այժմ կը շարունակէ յարձակումներ իրականացնել Լիբանանի վրայ: Երէկ ալ միջազգային լրահոսին մէջ տեղ գտաւ, որ Պէյրութ հերթական անգամ ենթարկուած է յարձակման: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, յառաջիկայ 14-15 մայիսին, Ուաշինկթընի մէջ, ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ բանակցութիւններ կը նախատեսուին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ: Այս ճակատն ալ նուազ կարեւոր չի համարուիր՝ քանի իրադարձութիւնները իսկապէս հրատապ եւ ողբերգական բնոյթ ունին: 

Տանըլտ Թրամփ, որ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Պրազիլիոյ նախագահ Լուիս Լուլա տա Սիլվան, այս վերջինը զգուշացուց, թէ մտադրութիւն չունի Քուպա ներխուժելու: 

Միւս կողմէ, Թրամփ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ: Կը հաղորդուի, որ ամերիկացի ղեկավարը մինչեւ յուլիսի 4-ը ժամկէտ սահմանած է, որպէսզի դէպի Եւրոպա արտածուելիք ամերիկեան ապրանքներու պարագային մաքսատուրքերը վերացուին:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026